image

Այս Սերունդը Մեր Այսօրուան Անփթութեան Եւ Անխղճութեան Երեսէն Կը Տուժէ*. Երուխան

Այս Սերունդը Մեր Այսօրուան Անփթութեան Եւ Անխղճութեան Երեսէն Կը Տուժէ*. Երուխան

Այդ սերունդը, մե՛ր շնորհիւը, մեր այսօրուան անփթութեան, անխղճութեան երեսէն, ահաւորապէս կը տուժէ, ու կը պատրաստուի չըլալ այն ինչ որ ըլլալու էր, աւելի հզօր, աւելի զարգացած եւ մանաւանդ աւելի ինքնաճանաչ եւ գիտակից քան ներկայ գործօն սերունդը:

Եւ ոչ միայն զբաղեցանք մատաղ սերունդին կրթութեան գործով, այլեւ, չբաւականանալով մենք զիրար բզքտելէ հանրային ասպարէզին վրայ, մամուլին մէջ, փողոցը հասած տեղերնիս, կռիւները, ստոր ու կրքոտ բանակռիւները ներմուծեցինք դպրոցէն ներս, մոլորեցնելով դեռատի եւ կոյս հոգիներ, ատելութեան, քինախնդրութեան, կուսակցականութեան թոյնով լեցուցինք զանոնք, աշխատեցանք որ այդ աշխարհին մէջ-կրթարանը- դուրսի տեսարանները մանրանկարուին, լքելով կրթութեան հարցը եւ կակուղ ու ճկուն ըղեղները ձուլուին տգեղ կաղապարներու մէջ: Մեր շատ մը  վարժարաններուն –թէ՛ Պոլիս թէ գաւառ- աշակերտները հիմակ ուսումէ աւելի հանրային վէճերով կը զբաղին եւ գործիչի ուռուցիկ սնամէջ հովերով կը փքնան, ունենալով իրենց ուրոյն կարծիքը, իրենց անձնական ուղղութիւնները (ծռութիւնները՝ լաւ եւս) եւ, պէտք եղած ատենը, նոյնիսկ խելակորոյս նետուելով դուրսի վէճերուն, լրագրական բանակռիւներուն մէջ, ու վճիռներ, պատգամներ արձակելով, կարծիքներ որոտացնելով: Դպրոցական կարգապահութիւնը, ջիղը դաստիարակութեան, այսու փճացած լմնցած է, եւ անիշխանութիւնը- որուն մեծագոյն օրինակը մեր հանրային կեանքը կը ներկայացնէ- կը տիրէ կը տիրապետէ մեր կրթական անփառունակ յարկերուն տակ:

Այս չարիքը՝ մէկ կողմէն. միւս կողմէն կայ բուն կրթական չարիքը, մեթոտներուն այլանդակութիւնը, ծթռածութիւնը եւ տափակութիւնը: Երեւակայել որ հին ռեժիմին ու նոր ռեժիմին միջեւ ազգային կրթական գործը ո՛եւէ փոփոխութիւն կրած չէ. հինին  շարունակութիւնը անընդհատ եւ անայլայլ: Մեր պատուական կրթական գործիչները, մեր յարգելի ուսուցիչները, անոնք որ տարիներով բռնապետութեան մահակին տակ ստիպմամբ կքեցան, դեռ վեր չեն առներ իրենց քամակը ու իրենց ակնարկները չեն պտտցներ չորս դինին, լոյսին, որ ահա սկսած է ծագիլ: Պէտք է բարձրանալ այն բարձրութեան որ օրուան պահանջն է: Վերջապէս տրամաբանական չէ դեգերիլ դեռ այդ դերբուկներուն մէջ, ուր տարիներով խոշտանգուեցան մեր դպրոցական սերունդները եւ որոնցմէ, փա՜ռք Աստուծոյ, այլեւս կ'ենթադրեմ որ դուրս ելած ենք: Գո՛նէ մեր դպրոցներուն մէջ, մեր տղոց տրուած կրթութենէն կարենանք հասկնալ թէ ազատութիւնը կը վայելենք ու անկից գիտենք օգտուիլ: բռնապետութիւնը եւ անոր գելանները խզուած ջախջախուած են այլեւս: Ասիկա արդեամբ թող հասկցուի մեր դաստիաակութեան համար: Օսմանեան ուրիշ ցեղեր արգաւանդ խմորման մը նշանները ահա երեւան կը բերեն: Կսկծալի բան է մեր լճացած դրութիւնը՝ մեր շուրջը ի հանդէս եկած ընդհանուր բեղմնաւորութեան շարժումին մէջ: Արդեօք բոլորովին անհանրի՞ն է ինքնամփոփուիլ եւ ազգային վերածնութեան տարրական սատարներուն հետմտիլ լրջօրէն եւ համբերատարօրէն:

 

  ԵՐՈՒԽԱՆ

5-18 Նոյեմբեր 1909                                               

                                                      

*Հատուած  «Ո՞վ Կը Տուժէ» Խորագրեալ Յօդուածէն