9 ամիս առաջ` Լոնտոն գտնուած ժամանակս, գիրք մը ուշադրութիւնս գրաւեց. գնեցի եւ շատ հետաքրքիր ձեւով սկսայ կարդալ…
Գիրքին խորագիրը հետեւեալն էր.
«The Armenians of Aintab. The economics of Genocide in an ottoman province»
«Այնթապի հայերը. Ցեղասպանութեան տնտեսագիտութիւնը Օսմանեան նահանգին մէջ».
Հեղինակը` Ümit Kurt, Իւմիթ Քուրթ
Առաջին կարդալուս շատ բան չկրցայ հասկնալ, ստիպուեցայ երկրորդ անգամ մըն ալ կարդալ, այն ատեն սկսայ ըմբռնել գիրքին նպատակն ու բովանդակութեան իմաստը:
Այս գիրքը Այնթապի մասին է, բայց նմուշ մըն է հայկական բոլոր միւս քաղաքներուն, որոնք կը գտնուէին օսմանեան հողերու վրայ: Անոր մասին գրուած տեղեկութիւնները եւ մանրամասնութիւնները պարզապէս օրինակ են, որ կարելի է նոյնացնել հայ բնակչութիւն ունեցող միւս բոլոր քաղաքներուն հետ:
Այս գիրքին հեղինակը` Իւմիթ Քուրթ, ծնած եւ ապրած է Այնթապ, որ այսօր կը կոչուի Ղազիայնթապ:
Ուզեցի այս 380 էջնոց գիրքին բովանդակութիւնը ամփոփել եւ կեդրոնանալ անոր հիմնական ու կարեւոր նպատակին վրայ…
Այնթապի հայ համայնքին վերջը
The end of the Armenian Community in Aintab
Այնթապի հայ գաղութը վերջնականապէս սկսաւ ձգել Այնթապը մարտ 1921-ին` իր կալուածները լքելով կամ չնչին գումարներու դիմաց տեղացիներուն ծախելով:
4 նոյեմբեր 1921-ին ֆրանսացիները պաշտօնական ձեւով յայտարարեցին, որ ամբողջովին կը ձգեն Այնթապը` մեծ խուճապ ստեղծելով այն հայերուն մէջ, որոնք տակաւին Այնթապի մէջ կ՛ապրէին եւ կը զգային, որ ձգուած էին ձեռքը քեմալական ուժերուն, որոնք զիրենք վերջնականապէս պիտի կործանէին…
Դեկտեմբեր ամսուն 8000 հայեր լքեցին Այնթապը, հակառակ անոր որ ֆրանսացիները արգիլած էին իրենց հետեւիլ եւ մերժած էին անցքի արտօնագիր (laisser passer) տալ, որպէսզի Սուրիա կամ Լիբանան մտնեն:
1 յունուար 1922-ին Ֆրանսան արգիլեց հայերուն Սուրիա մտնել, հայերը շատ յուսախաբ եղան ֆրանսացիներու այս վերաբերմունքէն, որովհետեւ անոնք խոստացած էին իրենց կեանքերն ու կալուածները պաշտպանել:
Նոյեմբեր 1922-ին քեմալական կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ այն հայերը, որոնք Թուրքիան ձգած էին, եթէ 3 ամիսէն չվերադառնային, պիտի կորսնցնէին իրենց կալուածներն ու իրաւունքները: Նոյն ատեն թուրք կառավարութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չճանչնար այն անցագիրները (passport), զորս ֆրանսացիները տուած էին հայերուն, որպէսզի Սուրիա մեկնէին:
Այդ ձեւով, երբ 4 յունուար 1922-ին ֆրանսացիները ձգեցին Այնթապը, հայերն ալ ձգեցին այդ շրջանները եւ փախան դէպի Սուրիա ու Լիբանան:
1 տարի ետք` 4 յունուար 1923-ին, Այնթապի մէջ մնացած էին 80 հայեր միայն:
Կարգ մը հայեր այդ ծանր օրերուն շատ չնչին գումարներով կրցան ծախել իրենց իրերը, պարզապէս որպէսզի կարենան իրենց ծախսերը փակել` հասնելու Սուրիա կամ Լիբանան:
Հայերուն մեծամասնութիւնը, որոնք արդէն իսկ Սուրիա կամ Լիբանան փախուստ տուած էին ֆրանսացիներու տուած օրինաւոր անցագիրներով եւ անցքի արտօնագիրներով, չկրցան Թուրքիա վերադառնալ, որովհետեւ քեմալական կառավարութիւնը անոնց արգիլած էր, եւ այդպիսով անոնք չկրցան պահել իրենց կալուածները: Թուրք կառավարութիւնը այդ առիթը օգտագործելով եւ «լքուած կալուածներու օրէնք»-ի (Abandoned Properties Law) հիման վրայ իւրացուց այդ «լքուած կալուածներ»-ը:
Լքուած Կալուածներու Օրէնք
Abandoned Properties Law
Երբ հայերը ձգեցին Այնթապը ֆրանսական բանակին հետ, դեկտեմբեր 1921-ին եւ յունուար 1922-ին քեմալական կառավարութիւնը Անգարայի մէջ որդեգրեց «Լքուած կալուածներու օրէնք»-ը, եւ գրաւելով տէր դարձաւ հայերուն կալուածներուն, դէմ կենալով նաեւ այն հայերուն, որոնք կ՛ուզէին Սուրիայէն վերադառնալ իրենց տուներն ու հողերը, պատճառաբանելով, թէ անոնց ունեցած անցագիրները կամ անցքի արտօնագրերը օրինաւոր չէին:
20 ապրիլ 1922-ին «Լքուած կալուածներու օրէնք»-ը մէջտեղ եկաւ` իբրեւ Բարձր ազգային ժողովի (Grand National Assembly) օրէնք, Անգարայի մէջ, որուն 5-րդ յօդուածը յստակօրէն կը յայտարարէր, թէ այն անձերը, որոնք իրենց տուներն ու հողերը լքած էին պատերազմի պատճառով եւ չէին վերադարձած իրենց կալուածներուն, թուրք տեղական վարչակազմը (administration) իրաւունք ունէր այդ կալուածները աճուրդի դնելով ծախել բարձրագոյն գին տուողին: Այդ գումարները պահ պիտի դրուէին նշանակուած գանձապահի մը մօտ, եւ եթէ օր մը այդ կալուածներուն տէրերը վերադառնային, իրենց իրաւունքները պիտի ստանային…
Սակայն 15 ապրիլ 1923-ին մէջտեղ եկաւ նոր օրէնք մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ 20 ապրիլ 1922-ին կնքուած հին օրէնքը չեղեալ պիտի համարուէր, եւ գանձանակին մէջ պահ դրուած գումարները պիտի չվերադարձուէին հիմնական կալուածատէրերուն, որովհետեւ անոնք վերջնականապէս անհետացած էին կամ իրենց տուներն ու հողերը լքելով փախած էին` զանոնք «անտէր» դարձնելով:
Եւ եթէ պատահէր, որ սխալմամբ անոնցմէ մէկը ներկայանար եւ իր իրաւունքները պահանջէր, պէտք էր տեղական վարչակազմին մօտ դատ բանար եւ ըստ այնմ արդիւնք եւ վճիռ սպասէր: Մինչ այդ պէտք էր, որ իր ունեցած կալուածներուն պետական տուրքերը լիուլի վճարած ըլլար եւ ելեւմուտքի նախարարութենէն համապատասխան փաստաթուղթ ունենար, որպէսզի իր իրաւունքը գանձէր, մինչ այդ հարկերուն վճարելիք գումարը աւելի էր, քան գանձելիք գումարը: 3 ամիս անցնելէն ետք կրնար կրկին դիմել` նոր թուղթերով եւ փաստաթուղթերով: Այնպէս մը, որ հսկայ պատ մը հիւսած էին, որպէսզի ոչ մէկ հայ կարենար իրաւունքներուն տիրանալ, բայց թրքական կառավարութիւնը համաշխարհային խաղաղութեան օրէնքներուն առջեւ անմեղ կը հանդիսանար` ըսելով, թէ ո՛վ որ իր իրաւունքները չէր ստացած, թող ներկայանար եւ ստանար:
Այս բառախաղերով, պայմանաժամի հարցեր դնելով, անցագիր կամ անցքի արտօնագիր չընդունելով, տուրքեր վճարելու գումարներով հանգոյցներ ստեղծուեցան:
Այս ձեւով Այնթապի հայոց ընդհանուր գոյքերու բռնագրաւումով (Total Confiscation Properties of Aintab Armenians’) շատ դժուար է այսօր յստակօրէն գիտնալ թրքական արխիւներուն մէջ մեր հայրերուն կալուածներուն մասին եւ տեղեկութիւններ ունենալ, մանաւանդ որ արխիւները եւ պաշտօնական արձանագրութիւնները (cadastre) փակ են:
Գարեգին քհնյ. Պօղարեան, որ այդ օրերուն Այնթապը վերջինը ձգողներէն եղած էր, դեկտեմբեր 1922-ին պատրաստած էր ցանկ մը, ուր արձանագրած էր բոլոր հայերուն ունեցած կալուածներուն մասին:
Անուններ, տեղեր, տէրեր եւ օսմանեան ոսկիով արժէքը տուած էր այդ կալուածներուն, որոնց մեծ մասը օգտագործուած էր Ղազիայնթապի քաղաքապետարանին կողմէ, միւս մասը ծախուած էր աճուրդով` Ղազիայնթապի Ներքին եկամուտներու գրասենեակին կողմէ (Gazianteb Internal Revenue Office), 1930 թուականին:
Գնողներուն մեծամասնութիւնը քաղաքին յայտնի մարդոցմէ են, կամ անոնք, որոնք մասնակցած էին թուրքերուն եւ ֆրանսացիներուն պատերազմին:
Մնացած կալուածները տրուած էին գաղթականներուն կամ ներգաղթողներուն:
Ղազիայնթապի քաղաքապետարանը մեծամասնութեամբ առած էր հայերուն հողերը, որոնց մէջ կային դպրոցներ` Հայկանուշեան, Սրբուհի Մարիամ, Լուսաւորիչեան ու Վարդանեան եկեղեցիներ եւ խանութներ` Էպլահան պազարին, Պալիխ պազարին կամ ոսկեղէնի պազարին մէջ, Քալաաթի մէջ:
Կիլիկիա քոլեճը (Cilicia College), Աթէնայեան դպրոցը, Ազգային Հայկազեան (National Haigazian), Հայկական վարժարան IBN-ի մէջ, Գոյ Հռիփսիմեան, Սահակեան մեծ խանութներ Ագիոլի (Akyol) մէջ վերածուեցան սրճարաններու:
Հայկական կարգ մը տուներ Այնթապի քաղաքապետարանը օգտագործեց` զանոնք տալով այլազգ ընտանիքներու եւ գաղթականներու:
İMAR VE İSKÂN VEKÂLETI GAZIANTEB-ի մէջ յայտարարած է, որ 19.500 հայերու տուները յանձնուեցան այլազգ գաղթականներու:
Ո՛վ որ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կը գտնուէր, այսինքն` Սուրիոյ կամ Լիբանանի հայերը, Թուրքիա չէին կրնար վերադառնալ, որովհետեւ ֆրանսացիներուն տուած անցագիրները կամ անցքի արտօնագիրները չեղեալ կը համարուէին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:
Փաստօրէն ոչ մէկ հայու Այնթապ վերադարձը ընդունուած էր:
Այդ ձեւի օրէնքներով Թուրքիա կրցաւ Լոզանի մէջ հայ ժողովուրդին այդ իրաւունքները ոտնակոխ ընել, ոչ միայն Այնթապի պարագային, այլ ասիկա նմուշ ներկայացուած է, որ օսմանեան բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր հայեր կային, նոյնն է կացութիւնը:
Ամէն ձեւի տակ արգելք հանդիսանալիք ճամբաներ գտան, եթէ նոյնիսկ իրենց հիւսած պատը լեցուն էր իրենց հակասական օրէնքներով, բայց եւ այնպէս, ոեւէ հայ, որ հակառակ փաստեր բերած էր իր կալուածներուն վերաբերեալ, պէտք էր տուրքեր վճարէր բացակայ եղած տարիներուն համար, որ շատ աւելի էր 10 տոկոս իր իրաւունքէն, որ իբր թէ մայր գանձանակին մէջ դրուած էր իր անունով:
Հարցը հոն չէր միայն, այլ եթէ զաւակ մը կամ կին մը ներկայանար իբրեւ ժառանգորդ, հազարումէկ պատճառաբանութիւններով կը զրկէին զայն պահանջելէ այդ չնչին գումարը, որ ըստ իրենց, գանձանակին մէջ պահ դրուած էր տիրոջ անունով:
Թուրքը շատ խելացի գտնուեցաւ, երբ 1923-ին կնքեց համաձայնութիւնը Լոզան քաղաքին մէջ:
Ինչ որ տարիներ ետքը Հիթլերէն մնացած գերմանական պարտութիւնը կրելով, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք չկրցաւ արգելք հանդիսանալ կամ օրէնքներ դնել եւ պարտադրուեցաւ տարիներ շարունակ հրեաներուն վճարել իրենց ողջ մնացած ընտանիքներուն եւ զաւակներուն իրաւունքները: Բան մը, որ թուրքը չըրաւ հայերուն հանդէպ` խաղալով իր ներքին օրէնքներով եւ ատելութեամբ փախուստ տալով հայերուն իրաւունքներէն: Նոյնիսկ Ֆրանսան, որ խօսք տուած էր պաշտպանել հայերու իրաւունքները եւ` համաձայնութեան դաշինք կնքած, պատասխանատու երկիր էր այդ շրջաններուն (Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի), որովհետեւ քեմալական նոր կառավարութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատեց եւ Ֆրանսայի դեսպան Շամպրուն յորդորեց իր երկիրը, թէ հայերուն համար շատ իրաւունքներ պահանջելը պիտի խանգարէր թրքական եւ ֆրանսական յարաբերութիւնները, որ դէպի հարաւ կ՛ընթանար…
Լոզանի դաշնագիրը
Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ կնքուած դաշնագիրներու ստորագրութեան մասնակցեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթող երկիրները:
Ֆրանսային ձգած էին հայերուն իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, մանաւանդ` այն հայերուն, որոնք փախած էին ջարդերէն, լքած էին իրենց կալուածները եւ կ՛ուզէին իրենց իրաւունքները վերստանալ…
Թուրք ղեկավարները հեռատես ըլլալով` ջանացին ամէն ձեւով հայերը հեռացնել իրենց հողերէն, իրենց կալուածներէն, որովհետեւ իրենց կազմակերպած ջարդերով չէին յաջողած ամբողջ հայ ժողովուրդը բնաջնջել:
Սկսան հազարումէկ օրէնքներ պարտադրել:
Նախ` հայերուն տուները, հողերը եւ խանութները յանձնելով Պալքաններէն փախչող թուրք գաղթականներուն, երկրորդ` արժէքաւոր տուները, կարասիներով, հողերով եւ անասուններով միասին, աճուրդի միջոցով չնչին գումարներով ծախեցին իրենց մարդոց եւ տեղացի ղեկավարներուն` ըսելով, որ այդ դրամները պիտի դրուին տեղական կառավարութեան սնտուկին մէջ եւ պիտի տրուին իրենց տէրերուն:
Ապա օրէնք ընդունեցին, որ «ոչ մէկ տէր չեն ճանչնար», մանաւանդ անոնք, որոնք իրենց տուները տարիներով ձգած եւ փախած էին, նշելով, որ դրամը կը տրուի միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուողներուն:
Իսկ եթէ օտար անձնաթուղթ առած են, օրինակ` սուրիացի կամ լիբանանցի եղած են, իրենց իրաւունքը կը կորսնցնեն` «Լքուած կալուածներու օրէնք»-ին համաձայն: Տակաւին այս օրէնքներով չգոհացան, եւ երբ ֆրանսացիներուն հետ մանրամասն երկխօսութեան մէջ մտան հայերու իրաւունքներուն համար, եւ երբ հոն` սեղանի վրայ, ֆրանսացին հարց դրաւ, որ եթէ հայ մը, ո՛չ Սուրիա, ո՛չ Լիբանան փախած էր եւ կը գտնուէր ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս եւ չէր կրեր օտար անձնաթուղթ, ինչպէ՞ս պիտի ստանար իր իրաւունքը, թուրքերը պատասխանեցին, որ նախ փաստաթուղթեր բերելով` պէտք էր փաստէր, թէ ո՛ւր կը գտնուէր Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, ապա պէտք էր դիմէր տեղական կառավարութեան, ուր պէտք էր փաստէր, որ այդ կալուածները իրեն պատկանած են եւ բացակայ գտնուելով՝ իր պարտականութենէն թերացած տարիներուն բոլոր տուրքերը վճարէ, ապա պէտք է երթայ եւ մայր սնտուկին մէջէն գանձէ իր իրաւունքը, որ 10 առ հարիւրն է իր ունեցած կալուածին արժէքին (արդէն տուրքերը այդ 10 առ հարիւր գումարէն աւելի ըլլալով` գանձելիքը ոչինչ էր, տակաւին եթէ այդ գումարին վրայ ալ աւելորդ տուրք չունենար վճարելիք):
Այս ձեւերով եւ օրէնքներու բառախաղով զրկեցին հայերը իրենց իրաւունքները գանձելէ:
Այս լաբիւրինթոս օրէնքներով եւ անհասկնալի խօսակցութեան պատճառով 1929-ի հոկտեմբերին որոշուեցաւ, որ այս նիւթը դուրս մնայ բանակցութիւններէն եւ չխանգարէ միւս կարեւոր նիւթերը, որոնք պիտի արծարծուէին Լոզանի դաշնագիրը կնքելու:
Մէկ տարի ետք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ֆրանսան բաւական օգնած էր Սուրիա ու Լիբանան խուժած հայերուն եւ իր կարելին ըրած էր հայերուն համար:
Վերջաւորութեան, 27 հոկտեմբեր 1932-ին կնքուեցաւ համաձայնութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր. «Այն հայերը, որոնք կ՛ապրին Սուրիա եւ Լիբանան, իրաւունք ունին Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց կալուածները պահանջելու»:
Մինչ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայերը, որոնք ջարդի կամ պատերազմի պատճառով փախած էին` լքելով իրենց քաղաքն ու կալուածները, ոչ մէկ իրաւունք ունէին զանոնք պահանջելու…
Այդ ձեւով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Թեվֆիք Ռուսթու Արաս, յայտարարեց, որ` «Այս պայմանները ընդունելի կ՛ըլլան, եթէ Սուրիա եւ Լիբանան գտնուող այդ հայերը իրենց թրքական քաղաքացիութիւնը պահած ըլլան եւ չներկայանան ֆրանսական կամ այլ օտար անձնաթուղթերով…»:
Մէկ խօսքով, «Իրաւունք ունիս, բայց առնելիք չունիս…»:
Եւ ցաւալին այն է, որ նոյն պատմութիւնը կը կրկնուի այսօր Արցախի մէջ` արցախցիին հետ, ուր ազերին Թուրքիոյ 1923-ի ռազմավարութիւնը կը շարունակէ…
2024
Փաուլօ Գազազեան
«Ազդակ»
Յ.Գ. Անոնք, որոնք աւելի եւս հետաքրքրուած են այս նիւթով եւ կը փափաքին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ, կրնան «Ամազոն»-ի վրայ գտնել վերոնշեալ գիրքը: