«Բայց չկրցայ ես անջատուիլ անոնց լուծէն խելագար,
Որովհետեւ`
Ա՜հ, անհատնում մելան կար
Եւ թուղթ անհամար»:
Այսինքն թուղթն ու մելանը կը կանչէին զինք, կը պարտաւորեցնէին որ գրէ, թուղթի եւ մելանի կոչը կը տանջէր զինք:
Նախ կ՛ուզեմ ըսել, որ այսօր այստեղ հաւաքուած ներկաներէն շատերը կարեւոր առաւելութիւն մը ունին, որովհետեւ անձամբ ճանչցած են Պետիկը: Ցաւօք, ինչ-ինչ պատճառներով, ես այդ բարեբախտութիւնը չունեցայ, հակառակ անոր որ որոշ ժամանակ նմանօրինակ եւ զուգահեռ շրջանակներու մէջ գտնուած էինք:
Սակայն իրեն անձամբ ծանօթ չըլլալը չի նշանակեր իր գրականութեան ծանօթ չըլլալ:
Փոխանակ երկար եւ համապարփակ գնահատական տալու իր գործին, պիտի ընեմ չորս դիտարկումներ` քաղուած իր գրական վաստակէն:
Առաջին` արարելու եւ ստեղծաբանելու տագնապը,
Ամերիկայի բանաստեղծութեան դափնեկիր Մայա Անճելույի նշանաւոր խօսքերէն մէկն է` «Չկայ աւելի մեծ տառապանք, քան` չպատմուած պատմութիւն մը կրելը քու ներսդ»:
Պետիկը նոյն զգացումը տարբեր ձեւով ապրած է շատ աւելի երիտասարդ տարիքին:
«Բայց ի վերջոյ,
Անցնող ամէն վայրկեանին դէմ,
Մեռնող մէն մի բջիջիս հետ,
Հասունացման դառնակսկիծ րոպէին,
Ես զգացի ու հասկցայ վերջապէս,
Համոզուեցայ արդարեւ,
Թէ չգրուած իմ բառն էր…
Որ թունաւոր նետի պէս
Կ՛երթեւեկէր մարմնիս մէջ…»
Չգրուած բառը (գրուելու սպասող, գրուելու տագնապը ապրող բառը), չպատմուած պատմութիւնը (պատմուիլ պահանջո՛ղ պատմութիւնը), չարտայայտուած զգացումը (արտայայտուելու սպասող զգացումը)… այս երեւոյթները միայն ստեղծագործ մտքին մէջ է, որ կը դառնան դժոխք, կամ Պետիկի բառերով` մարմնին մէջ երթեւեկող թունաւոր նետ…
Եւ կան բազմաթիւ այլ ակնարկներ արարելու տենչին մասին. Դողն Արարման, Տենդն Արարման, Ճիչն Արարման,
«Բայց չկրցայ ես անջատուիլ անոնց լուծէն խելագար,
Որովհետեւ`
Ա՜հ, անհատնում մելան կար
Եւ թուղթ անհամար»:
Այսինքն թուղթն ու մելանը կը կանչէին զինք, կը պարտաւորեցնէին որ գրէ, թուղթի եւ մելանի կոչը կը տանջէր զինք:
Կարճ խօսքով, Պետրոս Հերեանը պատահական գրող չէր: Հոս կարեւոր է շեշտել, որ գրելու կարիքը, հակառակ որ շատ մը գրողներ կ՛ունենան, թերեւս ամէնէն խորապէս անձնական եւ իւրայատուկ դրսեւորումը կ՛ունենայ տարբեր գրողներու մէջ: Ես կը հաւատամ, որ Պետիկին իւրայատուկ ոճը, որուն մասին շատեր անդրադարձած են, կը բխի իր գրելու պահանջին իւրայատուկ դրսեւորումէն:
Երկրորդ` այնճարցին…
Կարճ, կտրուկ, խիզախ, ինքնավստահ, քիչ մը «գոռոզ»… ուր «գոռոզ»-ը, բառին ամէնէն դրական իմաստով, պարզապէս իր ինքնավստահութեան ու համարձակութեան դրսեւորումն է:
Չարչարուած եւ յոգնած բառեր չկան Պետիկի գրութիւններուն մէջ:
Ոչ ալ քաշքշուած մտքեր:
Խօսքի պարզութիւն մը կայ, որ խորաթափանց միտքը աւելի կը շեշտաւորէ:
«Տրորուած հողեր,
Չարչարուած հողեր,
Ճաքճքուած հողեր,
Մեր հոգիէն դուրս սրբացա՜ծ դողեր…»
Դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է չորս կարճ տողերու մէջ, ընդամէնը` տասնմէկ բառերու մէջ, ամփոփել այսքան զգացում, այսքան հայրենիք, այսքան ափսոսանք եւ տագնապ` կորսուած հայրենիքի մասին…
«Կարճ, կտրուկ, խիզախ, ինքնավստահ եւ քիչ մը գոռոզ»-ը պատահական չէ: Ան ծագում ունի: Այդ բոլորը ծնած եւ թեւ առած են Այնճարի մթնոլորտէն: Այնճարը համատարած ներկայութիւն է Պետիկի թէ՛ ոճին, թէ՛ իր լեզուամտածողութեան եւ թէ՛ ալ իր գրութիւններու բովանդակութեան եւ շեշտադրումներուն մէջ:
Ինքնիրեն եւ զինք ծնող միջավայրին հաւատարիմ գրող է Պետիկը:
Երրորդ` հողը…
Այդ նոյն քառեակին մէջ կարելի է բացայայտել ուրիշ երեւոյթ մը, որ կրնար այսօր գրուած ըլլալ. այն ալ հողի եւ հայրենիքի կորուստի տագնապն է:
«Հող մեր… որ յերկինս ես» կ՛ըսէ ուրիշ քերթուածով մը: Հանճարեղ բանաձեւ է, ուր հողը` որպէս «յերկինս» անցած անհասանելի սրբութիւն, կ՛աստուածածուի:
«Գեղջուկներու աճիւններէն մարմին առած
Մեր վերջնական կայքին համար
Թեւեր պարզած`
Հո՛ղ ես միայն`
Իմ ծառացող վէրքին համար»:
Կը սարսափիմ, երբ մտածեմ, թէ Պետիկը ի՛նչ հոգեվիճակ պիտի ունենար այսօր, եթէ մեզի հետ ըլլար: Ինչպէ՞ս պիտի ընդունէր Արցախի կորուստը: Ի՞նչ պիտի ըսէր մեր պարտութեան մասին, եւ` աւելի ծանր, մեր պարտութեան հետ հաշտուելուն մասին: Մուսալեռցիին համար ամէնէն խորթ երեւոյթը պարտուիլը չէ, պարտութեան հետ հաշտուի՛լն է: Պարտութիւնը ընդունիլն է ոչ թէ միայն որպէս կատարուած իրողութիւն, այլ` որպէս վերջնական կարգավիճակ եւ վերջնական հոգեվիճակ: Ես վստահ եմ, որ Պետիկը այդ թեմային շուրջ այսօր կ՛ունենար մէկ այլ «կարճ, կտրուկ, խիզախ եւ ինքնավստահ» քերթուածներու ամբողջ շարք մը…
Վերջապէս, Չորրորդ` կ՛ուզեմ անդրադառնալ աւելի վերացական երեւոյթի մը:
Աշխարհը դիտել «դուրսէն» եւ թափանցել դէպի ներս, կամ դիտել ներսէն եւ թափանցել դէպի դուրս: Ոճի եւ դիտանկիւնի հարց է: Ճիշդ կամ սխալ, լաւ կամ վատ չկայ: Ընդհանրապէս արձակագիրները կը միտին դուրսէն սկսիլ ու ներս թափանցել, որովհետեւ յաճախ կը գրեն տիպարներու մասին, որոնք իրենցմէ տարբեր են, եւ կ՛ուզեն որդեգրել տիպարներուն տեսանկիւնը: Եւ երբ հակառակը ընեն, այսինքն երբ իրենց ներքին ներաշխարհէն սկսին դուրս նայիլ, նոյնիսկ այն տիպարները, որոնք գրողին հետ անմիջական կապ չունին, կը գունաւորուին գրողին էութեամբ:
Բանաստեղծութեան պարագային երեւոյթը աւելի բարդ է, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը շատ աւելի անձնական է, քան` պատմութիւն պատմելը: Երկու ոճերն ալ կարելի են բանաստեղծութեան պարագային: Բայց միանշանակ չեն. նոյն գրողը կրնայ այս կամ այն կողմ անցնիլ` կախուած զինք այդ պահուն յուզող թեմայէն եւ իր տրամադրութենէն:
Պետիկին պարագային գերակշռող մօտեցումը ներսէն դուրս է: Իր ներաշխարհը այնքան զօրաւոր եւ գերիշխող է, որ դարձած է իր գրական փորձին մեկնակէտը: Կարծես դժուարութիւն կ՛ունենայ ինքզինքէն դուրս գալու եւ ինքզինք դուրսէն դիտելու: Իր անմիջական աշխարհը նախ կը փոխադրէ ներս, կ՛իւրացնէ եւ յետոյ կը ներկայացնէ ընթերցողին:
Ոմանց կրնայ թուիլ, թէ այս երեւոյթը կարեւոր նրբութիւն մը չէ: Բայց եթէ կ՛ուզենք աւելի խորքային ձեւով հասկնալ եւ գնահատել Պետիկին գրականութիւնը, թէ՛ այս մէկը եւ թէ՛ վերոյիշեալ երեք կէտերը կենսական գործօններ կը մնան ընթերցողին համար:
Վահան Զանոյեան
«Ազդակ»
18 սեպտեմբեր 2024
Երեւան