Օրեր առաջ «Արեւելք» լրատւութիւն կատարած էր հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակին նուիրուած միջոցառումներուն, որոնք տեղի ունեցած էին Պէյրութի մէջ։
Այս առթիւ Լիբանան ժամանած Պարոյր Սեւակի թոռը այցելած է հայկական կեդրոններ ու վարժարաններ։
Հարկ է նշել, որ սոյն ձեռնարկները կազմակերպուած էին Համազգային Լիբանանի մարմնին ու յատկապէս Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատան» կողմէ, որ այս առթիւ ալ հանրութեան սեղանին դրած էր Սեւակեան բանաստեղծութիւններու հատընտիր մը ՝ «100 ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ» ընդհանուր խորագրով։
Նոյն առումով ալ օրերս վերահասու դարձանք, որ նոյն ծիրին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ մը ՝ Լիբանանի հայաւան՝ Այնճար գիւղին մէջ եւ ստորեւ այդ մասին կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը։
Շաբաթ, 23 մարտի երեկոյեան, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակը եւ կատարուեցաւ «100 ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ» հատորի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ գիւղի երեք յարանուանութիւններու , Համազգայինի Կեդրոնական եւ շրջանային, ՀՅԴ Կարմիր Լեռ կոմիտէի եւ գիւղի միութիւններու ներկայացուցիչներուն,քաղաքապետին եւ մեծ թիւով ներկաներու:
Բանաստեղծի անունով կոչուած շրջանի Համազգայինի մասնաճիղի կազմակերպած հանդիսութեան բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան: Ան անդրադարձաւ Այնճար հայաւանի եւ Պարոյր Սեւակի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապին: Ապա տեղի ունեցաւ «Պարոյր Սեւակի տուն թանգարան»-ի այս առիթով պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսերիզի ճամբով արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի հիմնադրութեան ամփոփ պատմականը եւ անոր Պարոյր Սեւակ անուանումի մասին տեղեկութիւններ:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «100 ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ» հատորի հրատարակութեան եւ 100-ամեակի առիթով կատարուած ու կատարուելիք նախաձեռնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիղի վարչութեան՝ իր համագործակցութեան եւ հատորներու բաշխումին մէջ ունեցած ներդրումին համար:
Հայրենի բեմադրիչ եւ դերասան Դաւիթ Յակոբեան ներկաները հրապուրեց Սեւակի փունջ մը բանաստեղծութիւններու ընթերցումով:
Օրուան բանախօսն էր կրթական մշակ եւ հատորի Մեսրոպեան ուղղագրութեան փոխադրումը կատարած Սալբի Քիւրքճեան-Թաշեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց մեծ բանաստեղծը եւ նոր լոյս տեսած հատորը:
Կիթարով ելոյթ ունեցաւ Նարօ Գարայեան:
Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սեւակի թոռնիկ եւ հատորի խմբագիր Սեւակ Ղազարեան: Ան իր հիացմունքը յայտնեց Այնճար հայաւանի նկատմամբ ու գնահատեց հանդիսութեան կազմակերպումը:
Եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ վկայութիւններու ճամբով վեր առաւ բանաստեղծի մեծ արժանիքները:
Հանդիսութեան աւարտին մասնաճիւղի ատենապետ Նաթալի Տէր Ստեփանեան յուշանուէրներ յանձնեց Սեւակ Ղազարեանին, Դաւիթ Յակոբեանին եւ Յակոբ Հաւաթեանին: Ներկաները մասնաճիւղի կողմէ նուէր ստացան «100 ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ» հատորը: