image

Նիկոսիա. Grammar School-ի մէջ Կիպրոսի հայկական համայնքին նուիրուած ձեռնարկ. Ներկայ եղած է Պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան

  Նիկոսիա. Grammar School-ի մէջ Կիպրոսի հայկական համայնքին նուիրուած ձեռնարկ. Ներկայ եղած է Պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան

 

Օրերս Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող Grammar School-ը կազմակերպած էր Կիպրոսի հայկական համայնքին նուիրուած ձեռնարկ մը։

 Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ  Պետական Ներկայացուցիչի դիմատետրեան էջէն

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 

Երկուշաբթի 3 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Grammar School-ի մէջ ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ նուիրուած՝ Կիպրահայ Համայնքին: Մշակոյթի, Արուեստի, Երաժշտութեան եւ Յունական բաժնի Փոխ Տնօրէնուհի Տիկ․ Քաթէրինա Նեստորիտուի հրաւէրին վրայ, Կիպրահայ Համայնքի Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան հայկական մշակոյթը ներկայացուց սրահը ծայրէ ծայր լեցուն աշակերտութեան, հայկական պարերու, երգերու եւ Կիպրահայ Գաղութի պատմական եղելութիւններու վերաբերեալ վաւերագրական կարճ ժապաւէններու ցուցադրութեանբ։