Պոլսոյ մէջ, օրերս, Գարակէօզեան Տան ընտանիքը ոգեկոչած է վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր՝ երախտաշատ ազգային բարերար Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Առաւօտուն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն, իսկ Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ, Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի շիրմին մօտ կատարուած է հանգստեան աղօթք։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Գարակէօզեանցիներ հաւատարիմ կը մնան իրենց աւանդութեան։ Ամէն տարի, Յունուարի երկրորդ շաբաթը յիշատակի արարողութիւններով կ'ոգեկոչեն իրենց հիմնադիր Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի յիշատակը՝ Հոգեհանգստեան աղօթքներով ու հոգեճաշով։ Այս տարուան ոգեկոչումները տեղի ունեցան երէկ, 11 Յունուարին։ Աննպաստ եղանակը, անընդհատ տեղացող անձրեւն ու փոթորիկը, արգելք չեղան որ Գարակէօզեանցիներ մասնակցին ձեռնարկներուն։ Առաւօտեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին իմաստալից խրատական մը խօսեցաւ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ան անդրադարձաւ ո՛չ միայն Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի մեծ աւանդին, այլ ընդհանրապէս Գարակէօզեան տան նախախնամական առաքելութեան։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշատակուեցան ո՛չ միայն Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեան, այլ նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Եդեսիա Թըրթըր եւ միւս բոլոր ողբացեալ վարիչները։
Կէսօրուայ ժամերուն Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ, Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի շիրմին մօտ եւս կատարուեցաւ Հանգստեան աղօթք։ Յուզիչ պահեր էին, հակառակ անձրեւոտ ու ցուրտ եղանակին, Գարակէօզեան տան ընտանիքը աղօթքով ու խունկով ցոյց տուաւ իր սէրն ու յարգանքը՝ ողբացեալ հիմնադրի նկատմամբ։ Այստեղ, Գարակէօզեան Տան պատասխանատուներու եւ աշակերտներու հետ էին նաեւ
Գարակէօզեանէ շրջանաւարտ Եղիշէ Վարդապետ, Կորիւն Աւ. Քահանայ, որուն երկու թոռնիկները Գարակէօզեանցի սաներ են, Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Նարեկ եւ Յուսիկ քահանաները։
Ապա, բոլորը միասին քալեցին դէպի Ողբ. Տիգրան Կիւլմէզկիլի դամբարանը եւ հոն եւս աղօթեցին։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ դպրոցին մէջ, հոն մատուցուած աւանդական լուբիայի ճաշը վերակենդանացուց անցեալի յիշողութիւնները, ստեղծելով մտերմիկ զրոյցներու պահեր։ Աշակերտները, ուսուցիչները եւ նախկին շրջանաւարտները նոր տեղեկութիւններ ստացան հիմնադիր Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի ու վարժարանի պատմութեան մասին, ամրապնդելով միասնութեան զգացումը։
Յուշերը պատումներ դարձան։ Արթին Քիլէճի իր մանկութենէն դրուագներ պատմեց, Հայր Եղիշէն ընդգծեց որ իր ինքնութիւնը Գարակէօզեանին կը պարտի, ըսաւ որ եթէ օր մը յանկարծ ամէն բան մոռնայ, այս «ՏՈՒՆԸ» չի կրնար մոռնալ։ Յուսիկ Քահանան նոյնպէս իր սրտի խօսքը արտասանեց, ըսաւ որ թէ՛ աշակերտած, թէ՛ ուսուցչագործած է, եղած է Սանուց Միութեան անդամ, կը գտնուի 70ամեակի սեմին ու կեանքի կէսը շունչ առած է Գարակէօզեանի մէջ։ Դարձեալ Արթին Քիլէճին յիշեց Նարեկ Քահանայի հայրը՝ Ողբ. Կարօ Տէյիրմենճեանը որ որպէս վարչային ծառայած էր այս տան։
Եւ այսպէս, Գարակէօզեան ընտանիքը շարունակեց ապրեցնել աւանդութիւնը, արժեւորել դպրոցի անցեալն ու հիմնադրի ժառանգութիւնը։
