Կիրակի օրուան պատարագէն ետք, 28 Փետրուար 2016-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ վեհարանի դահլիճէն ներս համատեղ եոյթով մը հանդէս եկած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի եւ «Սայաթ Նովա» համոյթը՝ առաջնորդութեամբ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի։ Մայր հայրենիքէն Լիբանան ժամանած «Սայաթ Նովա» համոյթը վեհարանի մէջ համախմբուած բազմութեան մատուցած է աշուղական շարք մը երգեր, իսկ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը՝ հայրենասիրական երգեր։ Աւարտին երաժշտական երկու խումբերն ալ արժանացած են Վեհափառ Հայրապետին բարձր գնահատանքին։