image

Թեհրանի մէջ քննարկուած են հայ-իրանական համատեղ արդիւնաբերական գօտիներու ստեղծման ուղղութեամբ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները

Թեհրանի մէջ քննարկուած են հայ-իրանական համատեղ արդիւնաբերական գօտիներու ստեղծման ուղղութեամբ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները

ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էդգար Զաքարեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մայրաքաղաք Թեհրան՝ «Եւրասիա» երրորդ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով։ Այդ մասին տեղեկացուցած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնն իր դիմատետրեան էջով։ 

Այցի ծիրէն ներս նախարարի տեղակալը հանդիպած է Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարարի տեղակալ, Առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան ղեկավար Տեհղան Տեհնաւիի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յակոբեան։

«Քննարկուել են երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները մեծացնելու հեռանկարները, ներդրումների հնարաւորութիւնները եւ ՀՀ-ում համատեղ արդիւնաբերական գօտիների ստեղծման ուղղութեամբ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Այնուհետեւ Էդգար Զաքարեանը եւ դեսպան Գրիգոր Յակոբեանը մասնակցել են «Եւրասիա» երրորդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեանը, որտեղ ելոյթով հանդէս են եկել նաեւ ԻԻՀ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը եւ ԵԱՏՄ երկրների մի շարք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։