image

«Արհեստ ունեցողը չի մեռնիր ...» The independent-Arabya-ի ուշագրաւ ակնարկը՝ հայկական Պուրճ Համուտի մասին (Տեսանիւթ)

«Արհեստ ունեցողը չի մեռնիր ...»  The independent-Arabya-ի  ուշագրաւ ակնարկը՝ հայկական Պուրճ Համուտի մասին (Տեսանիւթ)

Հայկական սփիւռքի հիմնական կէտն ու գլխաւոր անկիւնաքարը համարուող Պուրճ Համուտը, որ է նաեւ ապրող մշակոյթի, կենցաղի, եւ հայկական ոգիի իրական շտեմարան է մեծ դեր ունեցաւ սփիւռքի կազմաւորման մէջ։ Այդ դերին մէջ ապահովաբար մեծ տեղ յատկացուած է արհեստներուն, որ կերպով մըն ալ Արեւմտահայոց մշակութային-հոգեւոր մեծ ժառանգութեան շարունակութեան ու երթին իրական արտայայտիչն ու հայելին դարձաւ։ 

 

Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը ներկայցանելու իր ճիգին մէջ ուշագրաւ տեսանիւթ մը հրապարակած է The independent-Arabya կայքը։ Եւ այսպէս Արաբական աշխարհի ԶԼՄ-ներուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցող The independent-Arabya կայանի լրագրողները օրերս այցելութիւն տուած են Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ աւանը ու նկարահանումներ կատարած շրջանի բնակիչ հայ արհեստաւորներուն մասին։

 

 Ակներեւ է նաեւ, որ կայանը ցոյց տալով հանդերձ Լիբանանի տնտեսութեան տագնապահար դրութիւնը երեւելի ճիգով մը ակնդիրին կը փորձէ ներկայացնել ձեռային արհեստներու կարեւորութիւնը, անոնց աւանդը եւ անշուշտ հայ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնն ու վարպետութիւնը։

 

 Գաղտնիք չէ անշուշտ, որ Հայոց Եղեռնի հետեւանքով ցիրուցան դարձած արեւմտահայոց փրկուած մասը , որ կայք հաստատեց Մերձաւոր Արեւելեան երկիրներու մէջ նոր կեանքի մը նետեցուցաւ ապաւինելով արհեստներուն։ Մեր հայրենակիցներէն շատ շատերը արհեստի աշխարհ մտան շարունակելով այն ժառանգութիւնը, որն ունէին իրենց նախահայրերը Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ։ 

 Յաջողութիւնը անշուշտ պիտի չուշանար մանաւանդ այն պատճառով, որ ձեռքի ունակութիւններուն, աշխատսիրութեան եւ կամքին վրայ ՝ անոնք, մեր հայրենակից արհեստաւորները ապաւինեցան արդիականութեան ոգիին վրայ դառնալով անուանի եւ մանաւանդ վստահելի վարպետներ։

 Եւ այսպէս Պուրճ Համուտի նեղ թաղամասերուն մէջ կամաց- կամաց աճիլ ու ծաղկիլ սկսան արհեստի յայտնի վարպետներ, որոնք իրենց ստորագրութիւնը դրին՝ կօշկագործութեան, ոսկերչութեան, շապկագործութեան եւ ամէնատարբեր ոլորտներուն մէջ։

 Ինչպէս վերը նշեցինք The independent-Arabya-ն , որն անշուշտ չէր մոռցած արագ հայացքով մը հանրութեան ներկայացնել այսօրուայ տնտեսական դժուարութիւնները կարճ զրոյցներ ալ կը կատարէր մեր հայրենակցիներուն հետ, որոնք պատմած են այսօրուայ ընդհանուր պատկերին մասին։

 

 Եւ այսպէս կանանց կօշիկներու վարպետ արհեստաւոր՝ Յովիկ Պետրոսեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր ՝

 

«Այսօրուան պայմաններուն հետեւանքով մեր արհեստը պարզապէս զբաղում դարձաւ։ Տունը չմնալու համար աշխատանքի կուգանք ու մեր շուրջ ամէն օր գործարաններ կը փակուին։ Առաջ այս արհեստով սերունդներ ապրեցան եւ իսկ այսօր նոր սերունդի անդամներ արհեստով չեն հետաճքրուած. շատ են պատճառները, սակայն գլխաւորը Լիբանանի տագնապահար վիճակն է»։ 

 

Իր կարգին վերջին տարիներուն իր ընտանիքը արժանապատիւ կերպով ապրեցնելու նպատակով կօշկակարութիւնէ հնակարկատի արհեստին նետուած Սարգիս Աբգարեան կ՚ըսէր ՝

«Տասընհինգ տարիէի ի վեր այս արհեստին մէջ եմ ու պայմաններու բերումով գործս զարգացաւ։ Կեանքի պայմանները դժուարացան ու մարդիկ չեն հրաժարիր իրենց հին կօշիկներէն եւ ստիպուած են նորոգութեան դիմել։ Ամէն պարագայի արհեստը «ոսկեայ ապարանջան» է։ Արհեստը մնայուն բան եւ արհեստաւոր անօթի չի մնար»։

Հայկական սփիւռքի հիմնական կէտն ու գլխաւոր անկիւնաքարը համարուող Պուրճ Համուտը, որ է նաեւ ապրող մշակոյթի, կենցաղի, եւ հայկական ոգիի իրական շտեմարան է մեծ դեր ունեցաւ սփիւռքի կազմաւորման մէջ։ Այդ դերին մէջ ապահովաբար մեծ տեղ յատկացուած է արհեստներուն, որ կերպով մըն ալ Արեւմտահայոց մշակութային-հոգեւոր մեծ ժառանգութեան շարունակութեան ու երթին իրական արտայայտիչն ու հայելին դարձաւ։ 

 

 

 Տեսանիւթը The independent-Arabya-էն 

 

 Լուրը՝ համադրաբար «Արեւելք»ի