Իսրայէլ յայտարարած է, որ սպանած է «Համաս»-ի անվտանգութեան ղեկավարը։
«Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու օդանաւը հարուածած եւ սպանած է ահաբեկիչ Մահմուտ ալ-Ասուատին, որ կը գլխաւորէր «Համաս»-ի անվտանգութեան մարմինը Արեւմտեան Կազայի մէջ», -ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ։