Եթէ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ զօրաւոր արտաքին միջամտութիւն ըլլայ, ապա այդ կրնայ խախտել Երեւանի հետ նախապէս համաձայնեցուած հարցերը։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ալ-Արապիա» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին՝ անդրադառնալով Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացին։
Ըստ Ալիեւի Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Հայաստանի համար խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման երաշխիք են։
Ատրպէյճանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ գործընթացին ոչինչ կը խանգարէ, սակայն ընդգծած է, որ բացարձակ երաշխիքներ չունի՝ պատճառաբանելով, որ «շատ լաւ ծանօթ չէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան»։
Ան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ սպասուող ներքաղաքական զարգացումներուն, մասնաւորապէս՝ յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացին։ Ալիեւի խօսքով՝ «ուժեղ արտաքին միջամտութեան» պարագային հնարաւոր է նախապէս համաձայնեցուած հարցերու խախտում, որ, սակայն, «շատ պիտի վնասէ Հայաստանին»։
«Անկախ անկէ, թէ ով ստորագրած է փաստաթուղթերը Ուաշինկթընի մէջ, ատոնք ստորագրուած են Հայաստանի անունով՝ Հայաստանի ղեկավարի կողմէ։ Եթէ այնտեղ ինչ-որ բան փոխուի, եւ անոնք ետ կանգնին ստորագրուածէն, այդ լրջօրէն պիտի վատթարացնէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները», – նշած է Ալիեւը։
Ատրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ խաղաղ գործընթացին աջակցած է ոչ միայն Միացեալ Նահանգները, այլեւ ողջ միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ Եւրոպական միութիւնը, Թուրքիան եւ արաբական երկիրները։
«Այդ համաձայնագրի խախտումը կը նշանակէ երթալ ընդդէմ ամբողջ աշխարհի։ Իսկ ի՞նչ կը շահին անոնք ատկէ», –ըսած է Իլհամ Ալիեւը՝ նշելով, թէ Ատրպէյճանը դրական տրամադրուած է գործընթացի շարունակութեան հարցով։