image

Փեզեշքիանի դիրքորոշումը «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ ողջամիտ է. Ալիեւ

Փեզեշքիանի դիրքորոշումը «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ ողջամիտ է. Ալիեւ

Իրանի նախագահի դիրքորոշումը ողջամիտ է եւ հիմնուած է այն փաստի վրայ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ Իրանի համար: Այս մասին Al Arabiya-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Մեր միջպետական ​​յարաբերութիւնները Իրանի հետ կառավարութիւններու, նախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ յարաբերութիւններ են։ Հետեւաբար, մենք լիովին կ՚անտեսենք այն կեղծ պատմութիւնները, որոնք կը տարածեն այսպէս կոչուած խորհրդականները»,- նշած է ան: