Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հայկական եւ ասորական ծագումով փոտքասթըր Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին հաղորդած է caucasus-chronicle.com-ը։
Կայքը նշած է, որ սա պատասխան էր հարցազրոյց վարողի հարցին, որ նշած է, որ ինքը կ՚ակնկալէ, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նաթանիահուն պատասխանած է, որ կը կարծէ, որ «Քնեսեթն այդ մասին բանաձեւ ընդունած է»:
Այդպիսի օրէնք, սակայն, Քնեսեթը չէ ընդունած։
Հարցին, թէ ինչո՞ւ ոչ մէկ իսրայէլցի վարչապետ ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 20-րդ դարու սկիզբը գործաուած ցեղասպանութիւնը, Նաթանիահուն արձագանգած է. «Ես հիմա նոր ճանչցայ։ Ահա, խնդրեմ»։
Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտը X-ի իր էջին տեղադրած է հարցազրոյցը ու կից գրած․ «Վարչապետ Նաթանիահուն պաշտօնապէս կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը»։