2016-2017 Ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով կրթական հաստատութիւններուն իր այցելութեանց ծիրին մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան: Առաջնորդ սրբազանին կ'ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ հոգաբարձութեան անդամներէն Աշոտ Մուրատեան:
Վարժարանի մուտքին, առաջնորդը եւ ընկերակիցները դիմաւորուեցան տնօրէնին՝ Դաւիթ Ղուկասեանի եւ աշակերտական խորհուրդին կողմէ: Տեղի ունեցաւ աղ ու հացի օրհնութիւն: Ապա, բոլորը ուղղուեցան վարժարանին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Սրբազանը յայտնեց, թէ Սեպտեմբերի վերջերուն եւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Արեւմտեան թեմը պատիւը պիտի ունենայ վայելելու Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհաբեր այցելութիւնը, տօնելու համար գահակալութեան 20րդ տարեդարձը։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազանին Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ, առաջնորդը այցելեց վարժարանին մանկապարտէզն ու նախակրթարանի դասարանները, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան, մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ մանուկներուն եւ աշակերտներու հետ: