Միլիառատէր Իլոն Մասքը երկուշաբթի ըսած է, որ ինքը եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփը սկսած են Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան՝ USAID-ի, փակման գործընթացը՝ սրելով իրենց պատերազմը դաշնային դիւանակալութեան դէմ եւ մարտահրաւէր նետելով Քոնկրեսի սահմանադրական լիազօրութիւններուն՝ որոշելու, թէ ինչպէս պիտի ծախսին փողերը:
Մասքը չէ ըսած, թէ իր կարծիքով՝ ինչ իրաւական լիազօրութիւններ ունի Սպիտակ տունը դաշնային գործակալութիւնը փակելու համար՝ առանց Քոնկրեսի հաստատման, կամ որքան արագ վարչակազմը կը նախատեսէ գործել:
Թրամփի վարչակազմի պաշտօնեաները քննարկած են Միացեալ Նահանգներու USAID-ը արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասութեան տակ դնելու հարցը, հաղորդած է NBC News-ը՝ ըստ քննարկումներուն ծանօթ աւելի քան մէկ տասնեակ ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու եւ աղբիւրներու: Այս քայլը, ըստ դեմոկրատ օրէնսդիրներու եւ իրաւաբան փորձագէտներու, կը խախտէ գործակալութեան ստեղծման մասին Քոնկրեսի ընդունած օրէնքը:
Թրամփ յայտարարած է, որ պիտի սառեցնէ Միացեալ Նահանգներու գրեթէ ամբողջ արտաքին օգնութիւնը՝ սպասելով 90-օրեայ վերանայման։ Հեռուստաալիքը նաեւ յայտնած է, որ անցեալ երկուշաբթի Միացեալ Նահանգներու USAID-ի աւելի քան 50 մասնագէտ քաղաքացիական ծառայողներ ուղարկուած են հարկադիր պարապուրդի:
Քոնկրեսն ամէն տարի գումար կը յատկացնէ Միացեալ Նահանգներու USAID-ին` հիմնական օտարերկրեայ օգնութեան եւ միջազգային նշանակութեան բարեգործական կազմակերպութիւններու համար: Այս անկախ գործակալութեան տարեկան պիւտճէն կը կազմէ 42,8 միլիառ տոլար, որ 1,7 թրիլիոն տոլար ընդհանուր դաշնային հայեցողական ծախսերու փոքր մէկ մասն է: