Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով՝ Պելառուսիոյ նախագահական ընտրութիւններուն Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին կողմ քուէարկած է ընտրողներու 86,82 տոկոսը:
Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Իկոր Քարփենքօն։
«Ըստ մարզային եւ Մինսքի քաղաքային յանձնաժողովներու նախնական տուեալներու`Ալեքսանտր Լուքաշենքօն հաւաքած է քուէներու 86,82%–ը», -ըսած է Քարփենքօն ճեպազրոյցի ժամանակ:
Կոմկուսի թեկնածու Սերկէյ Սիրանքովին կողմ քուէարկած է ընտրողներու 3,21 տոկոսը, Օլեկ Կայտուքեւիչին (Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն)՝ 2,02 տոկոսը, ինքնառաջադրուած Աննա Քանոփացքայային՝ 1,86 տոկոսը, Ալեքսանտր Խիժնեաքին (Աշխատանքի եւ արդարութեան հանրապետական կուսակցութիւն)՝ 1,74 տոկոսը: