image

Պատրաստ ենք որեւէ օգնութիւն ցուցաբերել հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու առաջխաղացման. Իրանի ԱԳՆ

Պատրաստ ենք որեւէ օգնութիւն ցուցաբերել հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու առաջխաղացման. Իրանի ԱԳՆ

Կովկասեան տարածաշրջանի եւ բոլոր հարեւաններու, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անվտանգութիւնը շատ կարեւոր է Իրանի համար. այս մասին, «ԻՌՆԱ» գործակալութեան հաղորդմամբ, ճեպազրոյցին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Իսմայիլ Պաղաին՝ մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը:

«Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներու հետ եւ դիւանագիտական ​​փոխանակումները վերջին օրերուն շատցած են։

Մենք նախապէս յայտարարած ենք եւ կրկին կը շեշտենք, որ պատրաստ ենք ամէն տեսակի օգնութիւն ցուցաբերել Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար, այդ շարքին՝ աջակցելով երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու յառաջխաղացման», - նշած է խօսնակը։