image

Շարըհ Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ հռչակուած է

Շարըհ Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ հռչակուած է

Սուրիոյ փաստացի առաջնորդ Ահմետ Շարըհ հռչակուած է անցումային փուլի նախագահ:

Շարըհին նաեւ իրաւասութիւն տրուած է ձեւաւորելու ժամանակաւոր օրէնսդրական խորհուրդ՝ անցումային շրջանի համար, կասեցուած է Սուրիոյ սահմանադրութիւնը, ըսուած է Ասատի դէմ յարձակումը գլխաւորած ռազմական հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ:

Որոշումներն ընդունուած են նախապէս Ալ Քաիտայի մասնաճիւղը համարուող իսլամիստական ​​«Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ» խմբաւորման զինուորական հրամանատարներու հանդիպման:

Ելոյթ ունենալով համաժողովին՝ Շարըհ ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւնը «օրինական ճանապարհով» կառավարութեան մէջ դատարկութիւնը լրացնելն է: Ան նաեւ յայտարարած է, որ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պէտք է պահպանուի անցումային արդարադատութեան միջոցով՝ կանխելով վրէժխնդրութեան դրսեւորումները, պետական ​​հաստատութիւնները, առաջին հերթին՝ բանակն ու անվտանգութեան ուժերը, պէտք է վերականգնուին, տնտեսական ենթակառուցուածքները` զարգանան:

Յայտարարութեան մէջ, սակայն, չէ նշուած, թէ երբ կրնայ ընտրուիլ նոր օրէնսդիր մարմինը, կամ նոր մանրամասներ չեն տրամադրուած անցումային ժամկէտներու վերաբերեալ: Այդ ալ հիմք տուած է շատերուն ենթադրելու, որ Շարըհ եւ իր կուսակցութիւնը մտադիր են ամրապնդել միակուսակցական իսլամիստական կառավարումը` գրած է Reuters-ը: