Վրաստանի նախագահի նստավայրի հանդիսութիւններու սրահէն հանուած է Եւրոմիութեան դրօշը։ Նոր նախագահ Միխէիլ Քավելաշվիլին թողած է միայն պետական դրօշը եւ նախագահական դրօշը, յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը։
Վրաստանի օրէնսդրութեան համաձայն՝ նախագահի ետնապատկերը պէտք է ըլլայ պետական դրօշը եւ նախագահական դրօշը, որու վրայ պատկերուած է պետական զինանշանը։
Վրաստանի հինգերորդ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին լրացուցիչ տեղադրած էր Եւրոպական Միութեան դրօշը՝ ընդգծելու երկրի եւրոպական նկրտումները։