image

Մահափորձ Արմէն Սարգսեանի դէմ․ ի՞նչ յայտնի է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած պայթումի մասին

Մահափորձ Արմէն Սարգսեանի դէմ․ ի՞նչ յայտնի է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած պայթումի մասին

Մոսկուայի «Ալ առագաստներ» բնակելի համալիրին մէջ տեղի ունեցած պայթումը կրնայ կապուած ըլլալ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան Բռնցքամարտի ֆետերացիայի ղեկավար եւ «Արբատ» գումարտակի հիմնադիր Արմէն Սարգսեանի դէմ մահափորձի հետ։ Այս մասին գրած է «Mash»–ը։

Ըստ լրատուամիջոցի` տղամարդը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, անոր տեղափոխած են վերակենդանացման բաժանմունք։

Պայթումը տեղի ունեցած է այն պահուն, երբ ան անվտանգութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ կ՚անցնէր նախասրահէն։

Պաշտօնական տուեալներով՝ պայթումի հետեւանքով մահացածի ինքնութիւնը դեռ պարզուած չէ, քանի որ անոր դէմքը խիստ վնասուած է։ Ենթադրութիւններ կան, որ մահացածը Արմէն Սարգսեանի թիկնապահն է։

Քաղաքագէտ Տմիթրի Նիքոթինը իր Telegram-ալիքին գրած է, որ տուժածներու շարքին է Օլեկ Քասփիրովիչը, որ նախապէս եղած է Ռուսիոյ ՆԳՆ ներքին զօրքերու Խրիմի տարածքային հրամանատարութեան վարչութեան յատուկ նշանակութեան առանձին ջոկատի հրամանատարի տեղակալը:

46-ամեայ Արմէն Սարգսեանը յայտնի է նաեւ որպէս Արմէն Կորլովսքի, Կորլովքայի մէջ (Տոնեցք) զբաղած է մարտիկներու պատրաստմամբ:

Աւելի վաղ Ուքրանիոյ մէջ Սարգսեանին մեղադրանքներ ներկայացուած էին Ուքրանիոյ զինուած ուժերու դէմ մարտական գործողութիւններ վարող ապօրինի զինուած կազմաւորումներուն մասնակցելու համար: Ան հետախուզման մէջ է Ուքրանիոյ մէջ, նախապէս Ուքրանիոյ քաղաքացիութիւն ունեցած է։

Յիշեցնենք` Մոսկուայի հիւսիս-արեւմուտքի մէջ գտնուող «Ալ առագաստներ» բնակելի համալիրի 29-յարկանի շէնքին մէջ պայթում տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով 1 մարդ մահացած է, 4-ը` տուժած։ Ըստ տեղեկութիւններու` տուժածներէն 3-ի վիճակը ծանր է։