Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի հետ խաղաղ պայմանագրի նախագիծին մէջ երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներու վերաբերեալ կ՚ընդգծեն այն փաստը, որ թէեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը տեսականօրէն մօտ է, սակայն սահմանագծման հետ կապուած հարցերը կրնան յետաձգել «Խաղաղութեան պայմանագր»ի կնքումը մօտ ապագային, նշած է Stratfor ամերիկեան հետախուզավերլուծական ընկերութիւնը:
Ըստ վերլուծաբանական կեդրոնի՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութիւնը կրնայ աճիլ տարուան երկրորդ կիսուն, եթէ սահմանազատման գործընթացը կասեցուի։
Բայց մօտ ապագային խոշոր մագլցումի ռիսքը, ըստ վերլուծաբանական կեդրոնի, կը մնայ բաւական ցած։
«Կողմերը կրնան նաեւ օգտագործել տարաձայնութիւնները խաղաղութեան պայմանագրի մէջ չընդգրկուած հարցերու շուրջ, ինչպիսին են «տարածաշրջանի մէջ միջանցքի հարցը կամ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները»՝ որպէս գործընթացը յետաձգելու պատճառ»,- նշած է Stratfor-ը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յունուար 31-ի ասուլիսին նշած է, որ «Խաղաղութեան համաձայնագրի» հետ կապուած նոր բան չկայ, եւ նախագիծի 17 կէտերէն 15-ը համաձայնեցուած են։
«Երկու կէտ կայ, որոնք համաձայնեցուած չեն, եւ Հայաստանը երկուքի համար ալ լուծումներ առաջարկած է։ Ատոնցմէ մէկը կը վերաբերի սահմանի երկայնքով երրորդ երկիրներու ուժերու չտեղակայման։ Մենք կ՚առաջարկենք սա կիրառել սահմանի, սահմանազատուած տարածքներու հանդէպ։ Կայ նաեւ միջազգային ատեաններէն իրաւական վէճերը ետ կանչելու թեմայ, որ որոշակի հանգամանքներու եւ պայմաններու մէջ կրնայ մեզի համար ընդունելի ըլլալ, այն առումով, որ մենք ոչ միայն ինչ-որ բան կը հանենք միջազգային մարմիններէն, այլեւ ընդհանրապէս կը հրաժարինք այդ վէճերէն։
Հակառակ պարագային կրնայ իրավիճակ ստեղծուիլ, որ մենք ետ վերցուցած ենք ինչ-որ հարց, իսկ Ատրպէյճանը ետ վերցուցած է իր պահանջները, այսինքն՝ մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ չենք ներկայացներ միջազգային ատեաններու քննարկման, բայց յաջորդ փուլին Ատրպէյճանն այդ հարցերը կը դնէ երկկողմ յարաբերութիւններու սեղանին, եւ ատոր շուրջ կրնայ թէժացում տեղի ունենալ։
Այս պարագային մենք արդէն կը փակենք այս մագլցումի ռիսքը կառավարելու եւ միջազգային հարթակներն օգտագործելու մեր ճանապարհը»,-ըսած է Փաշինեանը։