image

Երեւանի մէջ. Սուրճի գինը պիտի թանկանայ

Երեւանի մէջ. Սուրճի գինը պիտի թանկանայ

Սուրճի միջազգային շուկային մէջ թանկացումները մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի մանրածախ շուկային մէջ, որ զգալի պիտի ըլլայ ապրիլ–մայիս ամիսներուն։ Այս մասին ըսած է սուրճի ներկրմամբ ու վաճառքով զբաղող «Փարիզեան սուրճ» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Տիգրան Յովսէփեանը։

Յայտնած էինք, որ «Արապիքա» տեսակի սուրճի սակարանային գիները կը հասնին նոր, մրցանշային ցուցանիշի` մէկ թոնը 8 հազար տոլար։ «Ռոպուսթա» տեսակի սուրճի մարտեան ֆիւչերսներու գինը 1 թոնի համար մօտ 5 ու կէս հազար տոլար է: Յունուարի սկիզբէն ֆիւչերսները թանկացած են աւելի քան 15 %-ով։

«Այսինքն` ամենաուշը 2-3 ամիս անց Հայաստանում սուրճը 20-30 %–ով կը թանկանայ։ Ով ունի հին խմբաքանակ, կարող է ներկայիս գինը պահել մինչեւ նոր խմբաքանակի ստացումը։ Թանկացումը կը տարածուի բոլոր տեսակի սուրճերի վրայ։ Գնաճ նկատելի կը լինի նաեւ շոկոլադի շուկայում, մօտ երկու անգամ թանկացում կը նկատուի»,-ըսած է Յովսէփեանը։

Անոր խօսքով` թանկացման հիմնական պատճառը Պրազիլիոյ, Քոլումպիային եւ Վիետնամի մէջ եղանակային պայմաններն են, ուր կամ երաշտներ են, կամ ամէնօրեայ անձրեւներ, որու հետեւանքով բերքը կը պակսի։

Նուն խնդիրն առկայ է նաեւ Քաքաոյի շուկային մէջ։ Հիմնական արտադրող երկիրը Քոթ տ’Իվուարի Հանրապետութիւնն է, ուր եւս եղած է եղանակային պայմաններու փոփոխութիւն, որու պատճառով քաքաօն թանկացած է։

Անոր խօսքով` «Արապիքա» տեսակի սուրճը կը վաճառուի Նիւ Եորքի սակարանին մէջ, իսկ «Ռոպուսթա» տեսակի սուրճը` Լոնտոնի սակարանին մէջ։ Այդ երկու սակարաները պիտի որոշում սուրճի միջազգային գինը։ Մեծ խաղացողները պիտի օգտուին իրավիճակէն ու պիտի բարձրացնեն սուրճի գինը, որ գերշահոյթ ստանան։

Յովսէփեանը շեշտած է, որ 1972 թուականէն այս կողմ սուրճի նման թանկացում չէ եղած։