Արցախը տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներէ եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներու առաջարկներ կը ստանայ․ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը շեշտած է՝ Արցախը ամենաշատը շահագրգռուած է Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեամբ, սակայն այդ պէտք է որոշ չափանիշներու համապատասխանէ։ Անոր խօսքով՝ ճնշումներու տակ բանակցութիւնը կարելի չէ համարել բանակցութիւն կամ երկխօսութիւն։ Ղազարեանը նշած է՝ քանի դեռ փակ է Լաչինի միջանցքը, չի կրնար երկխօսութիւն ըլլալ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանն ըսած է Ստեփանակերտ-Երեւան հեռուստակամուրջի ընթացքին:
«Մենք այս ընթացքում նման հանդիպումներ կազմակերպելու վերաբերեալ տարբեր առաջարկներ ենք ստացել թէ տարբեր երկրների ներկայացուցիչներից, թէ միջազգային կազմակերպութիւնների կողմից: Ուղղակի կան որոշ կարեւոր էլեմենտներ, որոնք մենք պէտք է հաշուի առնենք: Փետրուարի 24-ին եւ մարտի 1-ին նմանատիպ հանդիպումներ տեղի են ունեցել ռուսական խաղաղապահների միջնորդութեամբ՝ նրանց տեղակայման վայրում: Այս հանդիպումների ժամանակ քննարկւում էին տեխնիկական բնոյթի հարցեր, սակայն ադրբեջանական կողմը ամբողջութեամբ խեղաթիւրեց այդ հանդիպումների իմաստը՝ ներկայացնելով դա իբրեւ վերաինտեգրման շուրջ բանակցութիւնների մեկնարկ»,-նշած է Ղազարեանը՝ աւելցնելով, որ ատոր յաջորդած է 5 մարտին Ատրպէյճանի ձեռնարկած ներթափանցման գործողութիւնը, որու հետեւանքով երեք արցախցի ոստիկան սպանուած է, մէկը՝ վիրաւորուած:
«Մեր խորին համոզմամբ՝ ճնշումների տակ բանակցութիւնները չի կարելի անուանել երկխօսութիւն կամ բանակցութիւն: Քանի ճանապարհը փակ է, երկխօսութիւն նման պայմաններում չի լինելու: Միւս կողմն էլ պէտք է ցոյց տայ, որ ինքը պատրաստ է երկխօսութեան, բայց, եթէ ճանապարհ են փակում, մենք ինչպէս կարող ենք հասկանալ, որ ադրբեջանական կողմը պատրաստ է այդ երկխօսութեանը: Պարբերաբար քննարկումներ են գնում նոր երկխօսութեան համար: Արցախեան կողմը բազմիցս ռուս խաղաղապահների միջոցով փոխանցել է ադրբեջանական կողմին հանդիպումների առաջարկներ, որոնք, ցաւօք, մերժուել են հենց նրանց կողմից»,- ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարը:
Սերգէյ Ղազարեան անդրադարձած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը լուծարելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջին․ «Արցախեան հակամարտութեան հետ ծանօթ անձինք գիտեն, որ Պաշտպանութեան բանակը տեղի բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովող կարեւորագոյն գործօն է, ինչը փաստացի ապացուցուել է բազմաթիւ անգամ։ Տեսնելով, թէ ինչպէս են թափ առնում ադրբեջանական կողմի ագրեսիւ գործողութիւնները, սադրանքները, ագրեսիւ հռետորաբանութիւնը, ապա միանաշանակ իրատեսական չէ քննարկել պաշտպանութեան բանակի կամ պետական համակարգի լուծարման հարցը, ինչը որպէս նախապայման առաջ է քաշում Ադրբեջանը»,- նշած է Ղազարեանը։
Խօսելով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին օրերս ուղարկուած նամակի մասին՝ Սերգէյ Ղազարեանը նշած է, որ նման նամակներ պարբերաբար կ'ուղարկուին տարբեր միջազգային կազամակերպութիւններու ղեկավարներուն ու քաղաքական գործիչներուն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախի իշխանութիւնը դիմած է նաեւ այդ քայլին, եւ Հայաստանի վարչապետը Ռուսիոյ նախագահի հետ իր հեռախօսազրոյցի ժամանակ եւս մէկ անգամ ուշադրութիւն հրաւիրած է ստեղծուած իրավիճակի վրայ։
«Արցախի իշխանութիւններն ակնկալում են, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնների շրջանակում կը գործադրի բոլոր ջանքերը, որպէսզի Լաչինի միջանցքի արգելափակումը վերացուի։ Արցախում օր օրի իրավիճակն աւելի է բարդանում, հետեւաբար ռուս խաղաղապահները, գտնուելով այնտեղ, պէտք է իրենց իրաւասութիւններու շրջանակում գործադրեն բոլոր քայլերը, առաւել եւս, որ ադրբեջանական կողմի սադրանքների կարեւորագոյն նպատակը հենց խաղաղապահ առաքելութեան հեղինակազրկումն է»,- նշած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը։
Ղազարեանի պնդմամբ՝ այս պահուն Արցախի մէջ այլ խաղաղապահ առաքելութիւն ունենալու հեռանկարն այդքան ալ մեծ չէ, եւ այդ այդքան արագ չի ալ կրնար տեղի ունենալ, քանի որ բաւականին լուրջ գործընթաց է՝ յատկապէս միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ։