Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները քննարկած են Կազայի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը։ Համատեղ յայտարարութեամբ անոնք կոչ ըրած են Իսրայէլին՝ «անյապաղ վերացնելու մարդասիրական օգնութեան խոչընդոտները»։
Էմանուէլ Մաքրոն, Քիրէ Սթարմըր եւ Ֆրիտրիխ Մերց հրաւիրած են բոլոր կողմերը՝ հաստատելու հրադադար։ Անոնք «Համաս»-էն պահանջած են ազատ արձակել 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին գերեվարուած անձերը։ Ղեկավարները շեշտած են ««Համաս»-ի զինաթափման կարեւորութիւնը»։
Միաժամանակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը յայտարարած են Քաթարի մէջ «Համաս»-ի հետ բանակցութիւններու մասնակից իրենց ներկայացուցիչները ետ կանչելու մասին՝ անհանգստութիւն յայտնելով, որ պաղեստինեան շարժումը «բարի կամք չի դրսեւորեր»։
Բանակցութիւններու խափանման պայմաններուն մէջ, Իսրայէլի վարչապետը յայտնած է, որ կը դիտարկեն պատանդները վերադարձնելու այլընտրանքային տարբերակներ։ Տանըլտ Թրամփն ալ յայտարարած է, թէ «Համաս»-ը իրօք չուզեր հասնիլ հրադադարի գործարքի։
«Կը կարծեմ՝ «Համաս»-ը կ՚ուզէ մեռնիլ։ Հասած ենք այն կէտին, երբ պէտք է անոնցմէ ազատինք»,– աւելցուցած է Սպիտակ Տան ղեկավարը։