Բռնագրաւուած Արցախի շարք մը շրջաններու մէջ անտառային հրդեհները չեն դադարիր։ Խօսքը մասնաւորապէս Ակնայի, Մարտունիի, Ֆիզուլիի եւ այլ շրջաններու անտառներու մասին է։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ հրդեհաշիջման ներգրաւուած են 620 մարդ, 51 միաւոր սարք եւ 4 ուղղաթիռ։