Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարհանած են Մերսինի եւ Քարապուքի նահանգներու շարք մը շրջաններէ 1300-է աւելի բնակիչներ՝ անբնականոն շոգի պատճառով բռնկած լայնածաւալ անտառային հրդեհներու հետեւանքով, կը հաղորդէ «NTV»-ն։
Անթալիոյ արեւելեան կողմի նահանգին մէջ բռնկած հրդեհը, շաբաթ օր ուժեղ քամիի պատճառով, տարածուած է մօտակայ Մերսինի քանի մը շրջաններու վրայ։
«Նախազգուշական միջոցառումներու ծիրին մէջ, Մերսինի Քարաաղա գիւղի 125 եւ Լալէ գիւղի 139 բնակիչներ, ինչպէս նաեւ 260 մանր եղջերաւոր անասուններ տարհանուած են։ Ընդհանուր առմամբ՝ 613 տուներու աւելի քան հազար բնակիչներ տեղափոխուած են ապահով վայր», – յայտնած է հեռուստաալիքը։
Հրշէջները կը շարունակեն մարել նաեւ Քարապուքի նահանգին մէջ՝ Չաւուշլար գիւղի մօտ բռնկած անտառային հրդեհը։
Գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլիի համաձայն՝ շաբաթ օր հրշէջները յաջողած են տեղայնացնել վեց նահանգներու մէջ բռնկած եօթը անտառային հրդեհ։ Մասնաւորապէս, ըստ հեռուստաալիքին, Ալանիոյ Սողիւթ սարահարթին մէջ բռնկած հրդեհը ոչնչացուցած է շուրջ 40 հեքթար անտառ։
Թուրքիոյ արեւելեան շարք մը քաղաքներու մէջ ջերմաստիճանը մօտեցած է 50 աստիճանի։ Ըստ Օդերեւութաբանութեան Գլխաւոր Վարչութեան կանխատեսումներուն՝ երկրին մէջ անբնականոն շոգը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 2-ը՝ 7-12 աստիճանով գերազանցելով սեզոնային միջին ջերմաստիճանը։