image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ետին կանգնած են ԱՄՆ-ն, ՆԱԹՕ-ն, Իսրայէլը եւ պանթուրքիստական շրջանակները. այն շրջափակման ծուղակ է. Ալի Աքպար Վելայաթի

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ետին կանգնած են ԱՄՆ-ն, ՆԱԹՕ-ն, Իսրայէլը եւ պանթուրքիստական շրջանակները. այն շրջափակման ծուղակ է. Ալի Աքպար Վելայաթի

«Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագիրը շրջափակման ծուղակ է Իրանի եւ Ռուսիոյ համար։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթին՝ ընդգծելով, որ այս միջանցքի ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները, ՆԱԹՕ-ն, սիոնիստական ռեժիմը եւ փանթուրքիստական շրջանակները։ Այս մասին կը հաղորդէ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Թելեկրամ»ի ալիքը։

Անոր համաձայն՝ այս նախագիծը իրականութեան մէջ նպատակ չունի տարածաշրջանային համարկման, տնտեսական կայունութեան կամ ժողովուրդներու բարօրութեան ապահովման։ Ընդհակառակը, ան ուղղուած է Իրանի, Ռուսիոյ եւ Դիմադրութեան ճակատի ցամաքային շրջափակման։

Վելայաթին անուղղակի կերպով զգուշացուցած է, որ Թեհրանը այս սպառնալիքին պիտի արձագանգէ ոչ միայն խօսքերով, այլեւ՝ գործողութիւններով։

Ան ընդգծած է, որ Իրան սահմաններուն վրայ զինուած ուժեր տեղակայած է եւ ռազմական վարժութիւններ իրականացուցած՝ ցոյց տալու համար իր «կարմիր գիծը»։

«Անգործ եւ դիտորդ քաղաքականութեան ժամանակաշրջանը աւարտած է. Իրան այժմ կ՚իրագործէ կանխարգիլիչ եւ աշխուժ գործողութիւններու ռազմավարութիւն», – ըսած է ան։