image

Արամ Ա. Վեհափառ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը

Արամ Ա. Վեհափառ   «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց   Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը

«Եթէ օր մը Պէպօ Սիմոնեանի կեանքին գիրքը գրուի, կը խորհիմ թէ այդ գիրքին խորագիրը պէտք է ըլլայ՝ Խոնարհ նկարագրով, համբերատար ոգիով, հաւասարակշռուած մօտեցումով եւ համահայկական մտածողութեամբ մարդը»: Այսպէս ըսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիաս մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, ուր երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծ մտաւորական, կրթական մշակ, բանաստեղծ եւ ազգային գործիչ   Պէպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, հոգեւոր հայրերու, Պէպօ Սիմոնեանի այրի՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանին ու ընտանիքի անդամներուն, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ, պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի, ազգային, կուսակցական, միութենական, մշակութային եւ հոգեւորական բազմաթիւ գործիչներու եւ լիբանանահայերու հոծ բազմութեան:

Դպրեվանքի փոխ տեսուչ Պօղոս Վրդ. Թինքճեան բացման խօսքէն ետք, Դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» գիրքը, անոր նիւթերն ու արժէքը: Oxford համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան իր կարգին խօսեցաւ  Պէպօ Սիմոնեան մտաւորականի եւ ազգային գործիչի անձնուէր գործունէութեան կարեւորութեան մասին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայ ազգային, կրթական ու գրական կեանքին մէջ  Պէպօ Սիմոնեանի մեծ աւանդին, կոչ ուղղելով պատրաստել անոր նմանող նոր ղեկավարներ: Վեհափառ հայրապետը ապա իր կրթական, դաստիարակչական, ուսումնական եւ մտաւորական մեծ աւանդին համար, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պատուեց Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը: Վերջինս արտասանեց շնորհակալական խօսք մը, որուն մէջ յայտարարեց շուտով Պէպօ Սիմոնեանի գործերը յաւերժացնող համացանցային կայքէջի մը հաստատման մասին: Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի: