Ինչպէս այլ առիթով ալ «Արեւելք» գրած էր, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած է նորահաս սերունդները քաջալերու կարգ մը, որուն հիմքով Թեմի ժրաջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան շքանաշնաններ շնորհած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ նուիրական իրենց ներկայութեամբ աչքի ինկող սկաուտներուն եւ արծուիկներուն։
Այս մասին իմացանք Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ ներկայացուցած է օրերս տեղի ունեցած արարողութեան հակիրճ լրատւութիւնը։
Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։
Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ, 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» սրահէն ներս ձեռամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան 5 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: