Վաստակաշատ մաէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանին պիտի շնորհուի Փարիզի Մեծ Վերմեյլի շքանշան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին լուրը՝
Փարիզի քաղաքապետարանէն մեզի ուղարկուած հրաւէրէն կը տեղեկանանք, որ Փարիզի Մեծ Վերմեյլի շքանշանը պիտի յանձնուի վաստակաշատ մաէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանին։
Յանձնումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին, Փարիզի ֆիլհարմոնիայի՝ հայաստանեան շաբաթավերջ ծրագրի ծիրին մէջ։