«Սուրմալու»ի դէպքը, խորքին մէջ, այն մեծ պատուհանն է, ուրկէ պէտք է նայիլ Հայաստանի այսօրուան մեծ պատկերին։ Ասկէ առաջ ալ եղած են կրակոցներ, սպանութիւններ, դանակահարումներ կամ կրակոցով աւարտած փողոցային վէճեր, բայց այդ չէ էականը։ Որեւէ երկրի «ոճրային տարր»ը միշտ պատրաստ է նոր արիւնահեղութիւններ իրականացնելու։ Սա շատ բնականոն երեւոյթ մըն է եւ այդ պարագային ոճրային դէպքերու երանգները կամ տեսակները չեն կարեւորը, այլ այդ դէպքերը զսպող գործօնները, քայլերը եւ որոշումները, որոնք մեր մօտ մեծ նահանջ ապրած են ու երեւի դեռ ալ կ՚ապրին։
Վերջին տասն տարիներուն ընթացքին Հայաստան կ՚ապրիմ։ Կեղծիքով չէ, որ ինչպէս յաճախ շատեր կ՚ըսեն, Երեւանը իմ տունն է. տուն, որ մինչեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցածները՝ մեծ հաշուով ապահով քաղաք մըն էր։ Կար մարդկային հոսք, անշուշտ, կային մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ ու տարբեր եզերքներէ՝ մասնաւորապէս Երեւան հասնող հայրենակիցներ եւ կամ օտարազգիներ, բայց անոնց կողքին կար նաեւ ապահովութիւն։ Անշուշտ, ապահովութենէն առաջ կարեւորը ապահովութեան զգացումն էր, որ ոչ մէկ պահ լքած էր մեզ՝ Երեւան հաստատուածներս։ Այսօր, սակայն, չկա՛յ այդ զգացումը։
Գիշերուան հազարին (ինչպէս երեւանցիները կը սիրեն ըսել) կրնայիր քաղաքի մէկ ծայրէն միւսը հասնիլ՝ առանց վտանգի, առանց ռիսքերու, խաղաղ ու ամենակարեւորը՝ ապահովութեան զգացումով։ Ճիշդ է, որ այդ օրերուն ալ մարդիկ լաւ կեանք մը չէին վարեր, ունէին հազարումէկ խնդիրներ, չէին սիրեր օրուան իշխանաւորները, յաճախ նաեւ բողոքի ցոյցերու կը մասնակցէին, բայց այս բոլորով հանդերձ, մեր մէջը կար ապահովութեան զգացում մը, որուն արմատները կու գային շատ հեռուներէն։
Գուցէ Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակն էր, որ այդ ապահովութեան տեղ տուած էր, կամ այն զգացումը, որ պատերազմի ճակատներուն վրայ մեծ ու փոքր գործեր կատարած մարդիկ, հերոսներ ու շարքային զինուորներ պարտաւոր էին ամէն պահու պահել-պահպանել Հայաստանի ամենատարբեր քաղաքներու ու շէներու ապահովութիւնը։ Հիմա կացութիւնը բոլորովին այլ է։
Անշուշտ, այսօրուան պատկերը ներկայացնելու փորձին մէջ կան վերջին օրերուն արձանագ-րըւած կարգ մը ցաւատանջ դէպքերը, որոնց հիմնականը «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ՝ ցարդ անհասկնալիօրէն պատահած պայթումն է, որուն հետեւանքով ալ զոհերու թիւը հասած է 16-ի եւ ցաւօք դեռ կան տուեալներ, թէ այդ թիւը հակամէտ է բարձրանալու։
«Սուրմալու»ի դէպքը, խորքին մէջ, այն մեծ պատուհանն է, ուրկէ պէտք է նայիլ Հայաստանի այսօրուան մեծ պատկերին։ Ասկէ առաջ ալ եղած են կրակոցներ, սպանութիւններ, դանակահարումներ կամ կրակոցով աւարտած փողոցային վէճեր, բայց այդ չէ էականը։ Որեւէ երկրի «ոճրային տարր»ը միշտ պատրաստ է նոր արիւնահեղութիւններ իրականացնելու։ Սա շատ բնականոն երեւոյթ մըն է եւ այդ պարագային ոճրային դէպքերու երանգները կամ տեսակները չեն կարեւորը, այլ այդ դէպքերը զսպող գործօնները, քայլերը եւ որոշումները, որոնք մեր մօտ մեծ նահանջ ապրած են ու երեւի դեռ ալ կ՚ապրին։
Մարդիկ անհանդուրժող են, անկամեցող են, կիրթ չեն, զիջող չեն, ամենագէտ են։ Կան այս բոլորը, սակայն, դարձեալ կրկնելու գնով հարկ կը համարեմ նշել, որ այսօրուան դրուածքով մեր աչքերուն առջեւ պարզուած պատկերը մեզի կը յուշէ, որ օրէնքի բացակայութիւնը, այդ օրէնքը կեանքի կոչելու միտուած լծակներու անլրջութիւնը եւ համընդհանուր ամենաթողութեան զգացումը մեզ կը տանին այն եզրակացութեան, թէ Սերժ Սարգսեանի եւ անկէ առաջ ալ Ռոպերթ Քոչարեանի օրերու դէպքերը, սխալները, վրիպումները կամ մեղքերը «մեղր ու կարագ» էին՝ այս օրերուն համեմատ։
Այդ օրերուն կային մեծ սխալներ, բայց, ատոր կողքին Հայաստանի ժողովուրդին մէջ կար յոյս, թէ վաղուան օրը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, սխալները պիտի վերացուին, յանցագործները պիտի պատժուին եւ Հայաստան ամէն օր աւելիով պիտի մօտենայ ամբողջապէս «օրէնքի երկիր» դառնալու մեծ «երազ»ին, որ չակերտեալ երազ մը ըլլալէ անդին՝ երազ է իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու հոգիին մէջ։
Խնդիրը այն է, որ 44-օրեայ պատերազմին ամբողջ սերունդ մը մատաղ ըրած ու այդ մեծ նահատակութեան դիմաց որեւէ կերպով պատասխանատուութիւն բաժնելու պատրաստակամութիւն չունեցող այսօրուան իշխանութիւնները՝ իրենց արմատներով ու խորքով ունին միայն մէկ խնդիր, որն է իրենց աթոռները պահել-պահպանելը։
Ու այդքան տարողունակ ցաւէն ետք, երբ պայքարը միայն պատերազմ մը կորսցնելու պայքարը չէ միայն, այլ հող եւ հայրենիք կորսնցնելու համար ամենաթողութեան իշխանապայքար է, ըսէք խնդրեմ, ի՛նչ հետաքրքրութիւն եւ ի՛նչ տեսակէտ պիտի ունենան դարձեալ անոնք, որոնք առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կ՚ընեն՝ ամբողջ սերունդի մը դահիճները դարձան։
Ի՜նչ փոյթ իրենց համար, եթէ Երեւանի մէջ անհասկնալի պայթում մը եղած է, տակաւին ի՜նչ փոյթ, որ ատելութիւնը կ՚աճի, մարդիկ կը չարանան, օրէնքը կը քնանայ ու տակաւին Հայաստանէն մեծ արտագաղթի նոր ալիքի մը կը սպասուի։
Եթէ այս բոլորին պատասխանները ունենանք ու եթէ ճիշդ ընկալենք մեր այսօրուան իրավիճակը, ապա միայն այն ատեն կրնան ճիշդ պատկերացնել, որ ինչու այսօր եւ յատկապէ՛ս այսօր Հայաստան երկիրը դարձած է «անտէր», որուն հեռաւոր խազերուն վրայ ալ անպայման եւ շատ շուտով երեւելի պիտի դառնայ համընդհանուր թշուառութիւն մը, որ միայն նիւթական թշուառութիւն մը չէ, այլեւ աւելին է։
Մեր Հայաստանը անտէր է այսօր, նոյնիսկ առանց չակերտներու։