Լոյս նոյեմբեր 26-ի գիշերը Ռուսիան Վորոնեժի եւ Կուրսքի մարզերէն «Իսքանտեր-Մ» պալիսթիք հրթիռներով հարուածած է Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ արձակած է մրցանշային թիւով՝ 188 հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, յայտնած է Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերը:
Ռուսական գրոհը ետ մղելու գործին ներգրաւուած են Ուքրանիոյ ռազմաօդային եւ պաշտպանութեան ուժերու օդանաւերը, զենիթահրթիռային ստորաբաժանումները, ելեկտրոնային պատերազմի տեխնիկան եւ շարժական կրակային խումբերը։
Երեքշաբթի ժամը 09:00-ի դրութեամբ Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը հակառակորդի 76 անօդաչու սարք խոցած է Քիեւի, Չերքասի, Քիրովոկրատի, Չեռնիկովի, Սումիի, Խարքովի, Փոլթաւայի, Ժիթոմիրի, Խմելնիցքի, Վիննիցայի, Չեռնովցիի, Թերնոփոլի, Ռիւնէի, Զափորոժիէի, Օտեսփրոփեթրովսքի մէջ։
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ուժերը չէ յաջողած որսալ «Իսքանտեր-Մ» չորս հրթիռները։