image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի ափերու մօտ խորտակուած զբօսանաւու 17 ուղեւոր կը շարունակէ անհետ կորսուած մնալ

Եգիպտոսի ափերու մօտ խորտակուած զբօսանաւու 17 ուղեւոր կը շարունակէ անհետ կորսուած մնալ

Եգիպտոսի մէջ 28 մարդ փրկած են Sea Story զբօսանաւէն, որ խորտակուած է Կարմիր ծովու Մարսա Ալամ քաղաքի ափերուն մօտ։ Այս պահուն 17 մարդ կը համարուի անհետ կորսուած, անոնց որոնումները կը շարունակուին, ըսած է նահանգապետ Ամր Հանաֆին։

Հաւանականութիւն կայ, որ փրկուածներու մէկ մասը վերցուցած է որոնողափրկարարական օդանաւը: Միւսները փրկելու համար ուղարկուած է պահակային ծառայութեան ռազմանաւ, գրած է life.ru-ն։

Ընդհանուր առմամբ, զբօսանաւուն վրայ եղած է 31 զբօսաշրջիկ եւ անձնակազմի 14 անդամ: Զբօսանաւը Մարսա Ալամի մէջ գտնուող Ղալիպ նաւահանգիստէն մեկնած է նոյեմբեր 24-ին եւ պէտք է Հուրկատա հասնէր նոյեմբեր 29-ին: