image

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար կրնայ այսօր յայտարարուիլ. An-Nahar

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար կրնայ  այսօր յայտարարուիլ. An-Nahar

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար կրնայ յայտարարուիլ արդէն այսօր. այս մասին գրած է լիբանանեան An-Nahar թերթը՝ յղում ընելով Լիբանանի խորհրդարանի իր աղբիւրին։

«36 ժամուան ընթացքին հրադադար պիտի յայտարարուի»,- նախօրէին գրած է հրատարակութիւնը X-ի իր էջին:

Իսրայէլի «Քան» պետական հեռուստաընկերութիւնը, վկայակոչելով իսրայէլցի անանուն պաշտօնեաները, երկուշաբթի աւելի վաղ յայտնած էր, որ Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնագիրը կրնայ ձեռք բերուիլ այս շաբթուան ընթացքին:

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Իսրայէլը համաձայնած է Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» շարժման հետ զինադադարին, որուն կ՚աջակցի նաեւ ԱՄՆ-ն: Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն այժմ կ՚աշխատի այն հանրութեան ներկայացնելու վրայ: Այս մասին գրած էր Times of Israel-ը՝ վկայակոչելով բազմաթիւ աղբիւրներ:

Նշուած էր, որ Նաթանիահուն բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւններ ունեցած է այդ հարցով: Kan, Ynet եւ Haaretz լրատուամիջոցները, որոնք կը վկայակոչեն Երուսաղէմի, Ուաշինկթընի եւ Պէյրութի պաշտօնեաները, գրած են, որ համաձայնութիւնը վերջնական չէ, եւ որ շարք մը հարցեր դեռ պէտք է լուծուին, սակայն Երուսաղէմը հաստատած է առաջարկի հիմնական դրոյթները:

«Հըզպալլա»-ի առաջնորդ Նաիմ Քասեմն անցեալ շաբաթ ըսած էր, որ շարժումը վերանայած է զինադադարի առաջարկը եւ պատասխան է ներկայացրել, եւ որ գնդակը Իսրայէլի դաշտն է:

Haaretz-ը հաղորդած էր, որ առաջարկը կը ներառէ երեք փուլ. զինադադար, որուն պիտի յաջորդէ «Հըզպալլա»-ի կողմէ Լիթանի գետէն հիւսիս իր ուժերու դուրսբերումը, Իսրայէլի զօրքերու դուրսբերումը հարաւային Լիբանանէն, եւ սահմանային տարածքներու սահմանազատման շուրջ իսրայէլա-լիբանանեան բանակցութիւններ

Ըստ առաջարկի՝ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային մարմնին յանձնարարուած է վերահսկել հրադադարը: