image

Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Խաչքարներ» հատորին ներկայացումը՝ Ֆրեզնոյի մէջ

Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Խաչքարներ» հատորին ներկայացումը՝ Ֆրեզնոյի մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, օրերս, տե­ղի ու­նե­ցած է սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Հրայր Բա­զէ Խա­չե­րեա­նի «Խաչ­քա­րեր» խո­րագ­րեալ պատ­կե­րա­գիր­քին ներկայացումը։ Գիրքը կ՚ընդգր­կէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի խաչ­քա­րե­րը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականին կազմակերպութեամբ, 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.) տեղի պիտի ունենայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Խաչքարներ» հատորին ներկայացումը, որմէ անմիջապէս առաջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն մը, նուագակցութեամբ՝ «Էնտրու Յակոբեան» եռեակին։

Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube-ի միջոցաւ, կայքէջին վրայ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։