image
Հրատապ լուրեր:

Անօրինական անցակէտին վրայ միջադէպ. ատրպէյճան ձերբակալած է 3 արցախցի երիտասարդներ

Անօրինական  անցակէտին վրայ միջադէպ. ատրպէյճան ձերբակալած  է 3 արցախցի  երիտասարդներ

28 օգոստոսին, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ իրականացուած է Արցախէն Հայաստան քաղաքացիական անձերու հերթական տեղափոխում։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ իրականացուած է 170 անձերու տեղափոխութիւն։

Այս մասին յայտնած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ):

Ժամը 13:00-ի սահմաններուն, դէպի Հայաստան տեղափոխուող անձերը հասած են Լաչինի միջանցքի՝ Հակարի կամուրջի մօտ տեղակայուած ատրպէյճանական անօրինական անցակէտ։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կողմէն ձեռք բերուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 2001 թուականի ծնունդ Ալէն Նելսոն Սարգսեան ատրպէյճանական սահմանապահ եւ այլ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ ուժի եւ հարկադրանքի կիրառմամբ առեւանգուած եւ տարուած է անյայտ ուղղութեամբ։

Բացի անկէ, Արցախէն ՀՀ տեղափոխուող անձերէն եւս հինգ հոգի Ատրպէյճանի սահմանապահ եւ այլ ծառայութիւններու ներկայացուցիչները տարած են անցակէտի մօտ տեղադրուած յատուկ սենեակ՝ հարցաքննելու։ Հարցաքննութեան ընթացքին տուած են տարաբնոյթ հարցեր՝ մարզանքով զբաղուածութիւնը, ՀՀ երթալու նպատակը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տնտեսական իրավիճակը եւ այլն։

Ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նախօրօք համաձայնեցուած ցուցակներուն մէջ առկայ անձերէն եւս երկու հոգի՝ Վահէ Յովսէփեան եւ Լեւոն Գրիգորեան չեն հատած անօրինական անցակէտը, սակայն կարելի չէ եղած անոնց հետ կապ հաստատել։

Երեք քաղաքացիներն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներ են։

«Բազմիցս նշել ենք, որ Հակարի կամրջի մօտ տեղակայուած անօրինական անցակէտը ուղիղ եւ անհերքելի սպառնալիք է Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան համար։ Վագիֆ Խաչատրեանի, Ալեն Սարգսեանի առեւանգումն անառարկելիօրէն ապացուցում են, որ այսպէս կոչուած անցակէտը վեր է ածուել ադրբեջանական յանցաւոր կամայականութիւնները սպասարկելու գործիքի, որով ադրբեջանցիների կողմից կամայական կերպով առեւանգւում եւ ազատութիւնից զրկւում են քաղաքացիական անձինք։ Շրջափակման մէջ է պահւում 120 000 բնակչութիւն՝ զրկուած հումանիտար հասանելիութիւնից եւ մարդու տարրական իրաւունքների պաշտպանութեան հնարաւորութիւնից։

Թէ՛ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ թէ՛ ռուս խաղաղապահների միջազգային իրաւական ու քաղաքական երաշխիքները փաստացի բաւարար չեն Արցախի բնակչութեան իրաւունքների պաշտպանութեան, այդ թւում ազատ ու անվտանգ տեղաշարժն ապահովելու համար:

Հաշուի առնելով այդ երկու դերակատարների ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Մարդու իրաւունքների պաշտպանը պահանջում է նրանցից բոլոր հնարաւոր միջոցները ձեռնարկել ապահովելու Արցախի բնակչութեան հումանիտար տեղաշարժի անվտանգութիւնը եւ առեւանգուած անձանց անյապաղ վերադարձը։ Առանց նման երաշխիքների առկայութեան, պէտք է դադարեցնել քաղաքացիական անձանց փոխադրումները։

ՄԻՊ աշխատակազմի կողմից շարունակւում է փաստերի հաւաքագրումը դէպքի առնչութեամբ, որի մասին հանդէս կու գանք յաւելեալ յայտարարութեամբ, հաւաքագրուած փաստերը կ'ամփոփուեն եւ կը ներկայացուեն մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան մանտաթ ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններին եւ միջազգային այլ դերակատարներին»։

 

Արցախէն  արտաքսո՞ւմ

Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը կը նախապատրաստուի ձերբակալուած երեք հայերը Հայաստան արտաքսել:

«Կ'ենթադրուի, որ Ատրպէյճան մարդասիրական մօտեցում ցուցաբերէ,  եւ հաշուի առնելով, որ ձերբակալուածները երիտասարդ են եւ մարզիկներ, անոնք կրնան ենթարկուիլ վարչական պատասխանատուութեան։ 

Յամենայն դէպս, Ատրպէյճանի տարածքին վրայ չեն կրնար ապրիլ այն մարդիկ, որոնք կը վիրաւորեն Ատրպէյճանի դրօշը։ Անոնք պէտք է արտաքսուին Հայաստան»,- յայտարարած են Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութենէն։