image

Անի Մաջնունեանի Հարցով Ձերբակալեալներ Կան

Անի  Մաջնունեանի Հարցով Ձերբակալեալներ Կան

Հայաստան- Իր տան մէջ  դաժան պայմաններու տակ սպաննուած Անի Մաջնունեանի հարցով ձերբակալուածներ կան: Այս մասին  կը յայտնէ   Tert.am-ը, որ  իր տեղեկութիւնները  ստացած է ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերի և լրատուութեան  վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանէն: Ահարոնեան, որ տեղեկութիւնը փոխանցած է նաեւ յայտնած է, թէ այս պահուն նպատակայարմար չէ  ձերբակալեալներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելը: Նշենք, որ    53  տարեկան  Մաջնունեան  ATV   կայանի «6-րդ Զգայարան»  ծրագրի յայտնի  գուշակն էր: