image

«Համաս»-ը Կազայի հարցով նոր առաջարկ ստացած է Եգիպտոսէն եւ Քաթարէն

«Համաս»-ը Կազայի հարցով նոր առաջարկ ստացած է Եգիպտոսէն եւ Քաթարէն

 

Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման անուղղակի բանակցութիւններու միջնորդները «Համաս»-ին նոր առաջարկ ներկայացուցած են։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը հաղորդէ «Al Hadath» հեռուստաալիքը։

Եգիպտոսի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները, պաղեստինեան խմբաւորումներու առաջնորդներու ներկայութեամբ, շարժուման հաղորդած են նոր նախաձեռնութիւնը։ Խմբաւորումներու ղեկավարները խնդրած են «Համաս»-էն, որ առաջիկայ ժամերուն իր պատասխանը պատրաստէ։

Օգոստոս 18-ին նախատեսուած է միջնորդներու հանդիպումը Եգիպտոսի ալ-Ալամէյն քաղաքին մէջ։

Եգիպտոսը, Քաթարի հետ համակարգուած, կը ձգտի վերադառնալ 60 օրուան ժամանակաւոր հրադադարի համաձայնագրին, որուն ընթացքին ազատ պիտի արձակուին 10 իսրայէլացի պատանդներ եւ պիտի փոխանցուին դիակները։ Այնուհետեւ պիտի կատարուին բանակցութիւններ աւելի համապարփակ համաձայնութեան շուրջ։

Աւելի վաղ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ հրամայած էին ետ կանչել բանակցողները Տոհայէն, ուր յուլիս 6-էն բանակցութիւններ կ՚ընթանային Կազայի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ՝ պատճառաբանելով, թէ «Համաս»-ը յստակ ցոյց կու տայ Կազայի մէջ հրադադարի հասնելու ցանկութեան բացակայութիւն։