image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ հարցով կարեւոր բանակցութիւններ՝ Ամմանի մէջ

Սուրիոյ հարցով կարեւոր բանակցութիւններ՝ Ամմանի մէջ

Յորդանանը երեքշաբթի հանդիպում պիտի ունենայ սուրիացի եւ ամերիկացի պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու համար Սուրիոյ վերակառուցման աջակցութեան ուղիները, ըստ Al Jazeera-ի՝ յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Դամասկոսը կը փնտռէ ներդրումային համաձայնագրեր միջազգային ընկերութիւններու հետ՝ պատերազմէն քայքայուած տնտեսութիւնը վերակենդանացնելու համար։

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հանդիպման պիտի մասնակցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Շայպանին եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմաս Պարաքը։

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի կառավարութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել Սուէյտա նահանգին մէջ պետուիններու եւ տուրզիներու միջեւ կրօնական բռնութեան, ինչպէս նաեւ՝ սուրիացի զինուորներու եւ մայրաքաղաք Դամասկոսի վրայ Իսրայէլի հասցուցած հարուածներու հետեւանքները։

Սուրիոյ տնտեսութիւնը կը շարունակէ ծանր վիճակի մէջ մնալ՝ մօտ 14 տարի տեւած պատերազմի եւ դեկտեմբերին երկարամեայ նախագահ Պաշշար Ասատին տապալումէն ետք։