image
Հրատապ լուրեր:

Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութիւնը իշխանութեան կողմէ սպառնալիք է ժողովուրդին․ Գեղամ Մանուկեան

Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութիւնը իշխանութեան կողմէ սպառնալիք է ժողովուրդին․ Գեղամ Մանուկեան

Ասոնց ուրիշ բան չէ մնացած ընելու, կրնան 3 միլիոնին վրան ալ քրէական գործ յարուցել: Այս մասին այսօր անհնազանդութեան երթի մեկնարկէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանը։

Անդարդառնալով Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութեան, ըստ որու՝ եթէ քաղաքացիները կը մտածեն շէնքեր գրաւելու մասին, թող նաեւ մտածեն, որ այդ շէնքերը կը գտնուին պետական պաշտպանութեան տակ, իսկ այդ կը նշանակէ՝ պետութիւնն իրաւունք ունի կրակելու, Գեղամ Մանուկեանն ըսած է․ «Իմ ժամանակը ափսոս է Անդրանիկ Քոչարեանին մեկնաբանելու համար»։

«Դա իշխանութեան կողմից սպառնալիք է ժողովրդին, նրանք ուղղակի չեն հասկանում, որ գնացքը գնացել է, վախեցող չկայ, չեն կարող լռեցնել»,–ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ Անդրանիկ Քոչարեանը օր մը պատասխան կու տայ բոլոր իր կատարած զանցանքներու, յանցանքներու համար՝ Գիւմրիէն սկսած մինչեւ այս օրերուն: