image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յանկարծակի պատերազմի անմիջական սպառնալիք չկայ. Ֆիտան

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յանկարծակի պատերազմի անմիջական սպառնալիք չկայ. Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն անդրադարձած է Իրանի շուրջ զարգացումներուն, համոզմունք յայտնած, որ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ռեժիմի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ, նոյնիսկ եթէ այդ երկրի վրայ յարձակում ըլլայ։ 

Միեւնույն ժամանակ, Հաքան Ֆիտան ընդգծած է, որ տարածաշրջանը չի դիմանար եւս մէկ պատերազմի, անոր խօսքով՝ Թուրքիան կ՚ուզէ օգտագործել հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ պատերազմը կանխելու համար։ 

Ֆիտանը տեղեկացուցած է, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի եւ ամերիկեան կողմի հետ քննարկած է օրերս Օմանի մէջ տեղի ունեցած Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւնները, որոնք կեդրոնացած եղած են իրանական միջուկային ծրագրի վրայ: Անոր խօսքով՝ կողմերու միջեւ լարուածութիւնը կը պահպանուի, սակայն անոնք կամք ցուցաբերած են շարունակելու բանակցութիւնները։ Ֆիտանը կարծիք յայտնած է, որ յանկարծակի պատերազմի անմիջական սպառնալիք չկայ։ 

Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ բանակցութիւններուն մէջ առաջնային թեման պէտք է ըլլայ Իրանի միջուկային, այլ ոչ հրթիռային ծրագիրը, քանի որ վերջինն ուղղակիօրէն կապուած չէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հետ: