Սթաւրոպոլի երկրամասի Եսենթուքի քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած է Ստեփանակերտի յայտնի «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի կրկնօրինակը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն։
Յուշարձանի եւ խաչքարին օծման արարողութեան մասնակցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրասնոտարի եւ Հիւսիսային Կովկասի թեմի առաջնորդ Մովսէս եպիսկոպոս Մովսէսեան։
Ներկայ եղած են նաեւ Վլատիքաւքազի, Միներալնիյէ Վոտիի, Նովորոսիյսքի, Քիսլովոտսքի, Սթաւրոպոլի, Քրասնոտարի, Արմաւիրի եւ Քուպանի Սլաւեանսքի հայ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ։