Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան այն անկիւնաքարային հանգրուանն է, որ խորհրդանշում է ազատ ապրելու կամքը, պետականութեան վերածնունդը եւ ազգային ինքնորոշման յաղթանակը։ Անկախութեան առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեամբ հայութիւնը վերահաստատեց իր գոյատեւելու, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու եւ հայրենիք կերտելու աննկուն վճռակամութիւնը։ Այս ոգիով եւ պատմական այդ իրադարձութեան արժանի յիշատակով, Գահիրէի հայ համայնքը աղօթքով եւ յարգանքի տուրքով ոգեկոչեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձը։
Ստորեւ այդ առթիւ «Արեւելք»ի ուղարկուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 31 Մայիսին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած 1918 թուականի Մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձին։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան կարգ` ի հանգիստ Սարդարապատի ճակատամարտի նահատակներուն հոգիներուն:
Այնուհետեւ խումբ մը հայորդիներ, գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ՀՅԴ կազմի, «Յուսաբեր» Մշակութային ընկերակցութեան եւ ՀՄԸՄ Արարատի ներկայացուցիչներուն այցելեցին Մարմինայի Ազգային գերեզմանատուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի շիրիմին։
Ապա, Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աշոտ Ս. Եպս. Մնացականեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պատգամ ուղղեց ներկաներուն՝ նշելով, որ թէեւ միշտ կը յիշենք անցեալի մեր հերոսները, սակայն մեր ազգն ու հայրենիքը այսօր եւս կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, ուստի այսօր ալ ունինք կարիքը նոր հերոսներու:
Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ պէտք է արժեւորել ու գնահատել այն անհատները, որոնք հաւատքով նուիրուած են հայրենիքի անկախութեան, ազատութեան, խաղաղ ապագային, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման տեսլականին, եւ պատրաստ են իրենց կեանքը ընծայելու այդ բարձր արժէքներուն համար: Ան աւելցուց, որ այսպիսի հայը միշտ ներկայ պիտի ըլլայ իր մայրենի հողին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիք ունենալ, պահպանել ձեռքբերուած յաջողութիւնները եւ դիմագրաւել ապագայի բոլոր մարտահրաւէրները։

