Ռուսիան կրնայ միակողմանիօրէն կասեցնել կամ չեղարկել Հայաստան կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդներու առանց մաքսատուրքի մատակարարման մասին համաձայնագիրը, եթէ Երեւանը շարունակէ Եւրոմիութեան հետ մերձեցման քաղաքականությունը։ Այս մասին, ըստ «Քոմերսանթ»-ի, նշուած է Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Սերկէյ Ցիվիլեւի՝ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն ուղարկուած նամակին մէջ։
Ըստ աղբիւրի՝ Մոսկուայի մէջ կը կարծեն, որ Հայաստանի հետագայ շարժը դէպի ԵՄ վտանգի տակ է դնէ երկկողմ առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան հիմքերը։
«Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի փոխգործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ԵՄ-ին անդամակցելու յայտարարուած ձգտումը կը սպառնան ռուս-հայկական առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան հիմնարար բարձր մակարդակի պահպանման եւ զարգացման, որու հիմքերէն մէկը երկկողմ միջազգային համաձայնագրերն են»,-նշուած է նամակին մէջ։
Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը եւ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը հրաժարած են մեկնաբանութիւն տալէ «Քոմերսանթ»ին։ ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը նոյնպէս չէ արձագանգած հրատարակութեան հարցման։