Յունիս 2-ին՝ ժամը 00:10-ի սահմաններուն, յայտնաբերուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Արամայիս Մերուժանի Գէորգեանի դին: Այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրյական օրէնսգիրքի 522-րդ յօդուածի 1-ին մասով (զինծառայողին անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելը):
Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։