image

Մշակոյթի Նուիրեալ Մը՝ Աբրահամ (Աբօ) Աշճեան

Մշակոյթի Նուիրեալ Մը՝ Աբրահամ (Աբօ) Աշճեան

Խոր վիշտով տեղեկացանք Պոսթընի հայ համայնքի նուիրեալ մշակութային գործիչներէն Աբրահամ (Աբօ) Աշճեանի մահուան մասին։ Իր տեսլականով, ստեղծագործական ոգիով եւ երկարամեայ անխոնջ ծառայութեամբ ան կարեւոր դեր ունեցած է ամերիկահայ մշակութային կեանքի զարգացման մէջ՝ մասնաւորաբար հայկական ժողովրդային պարի պահպանման ու տարածման ասպարէզէն ներս։

Հանգուցեալը, Շաղիկ Փալանճեանի հետ միասին, հիմնադրեց Պոսթընի հայ համայնքի առաջին ժողովրդային պարային համոյթը՝ «Սայաթ Նովա» պարախումբը, որ տարիներ շարունակ բեմ բարձրացուց հայկական պարը, երաժշտութիւնն ու ազգային ժառանգութիւնը՝ բարձր գեղարուեստական ճաշակով եւ խոր պատասխանատուութեամբ։ Իր բեմադրական տաղանդով եւ շարժումի ճամբով պատմութիւն փոխանցելու բացառիկ կարողութեամբ ան ներշնչեց սերունդներ, ամրապնդեց երիտասարդներուն կապը իրենց արմատներուն հետ եւ սէր ներշնչեց հայկական պարարուեստին հանդէպ։

Հալէպ ծնած Աբօ Աշճեան երեք տարեկանին ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Լիբանան, ապա 1970-ին վերջնականապէս հաստատուած Գէյմպրիճ։ Ան յաճախած էր Պոսթընի Նորթ Իսթըրն համալսարանը եւ երիտասարդ տարիքէն միացած ազգային-մշակութային կեանքին՝ մասնակցելով տարբեր պարախումբերու գործունէութեան։ 1986-ին հանգուցեալը համախոհ երիտասարդներու հետ հիմը դրաւ «Սայաթ Նովա» անկախ պարախումբին, որ կարճ ժամանակի մէջ լայն ճանաչում գտաւ։

Տասնամեակներ շարունակ ան իր փորձն ու նուիրումը փոխանցեց պատանիներու եւ երիտասարդներու՝ «Սայաթ Նովա» եւ «Ապագայ» պարախումբերուն մէջ, խրախուսելով նաեւ օտար երիտասարդներ հետաքրքրուելու հայկական պարարուեստով եւ մշակոյթով։

Ան մահացաւ Մայիս 4-ին Ուոլտհեմի մէջ՝ շրջապատուած իր հարազատներով։