Կազի վերաբերեալ կան աւելի ցած գիներով առաջարկներ, քան այն գինը, որով այն հիմա կը վաճառուի Հայաստանի սպառողներուն, այդ առաջարկները վաղուց կան: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանը:
Ան նշած է, որ այդ մասին լսած է ոչ թէ Հայաստանի իշխանութիւններէն, այլ ուրիշ երկրէ:
«Երրորդ երկրից պատրաստակամութիւն են յայտնել գազ վաճառել, եւ այդ գործընթացներն ընթանում են։ Ինձ այդ մասին ընկերական կարգով են ասել»,-աւելցուցած է ան։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանն աշխարհի մէջ միակ երկիրն է, որ վերջնարդիւնքով կազը կը ստանայ 120%-ով աւելի բարձր գինով։