Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջածիրէն ներս կիրառուող սահմանափակումները Հայաստանի քաղաքացիներու շրջանին բացասական վերաբերմունք կը ձեւաւորեն կառոյցի նկատմամբ եւ կը ստանան քաղաքական երանգաւորում։ Այս մասին յունիս 2-ին Գեղարքունիքի մարզին մէջ ընթացող նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ «Իզվեսթիա»ի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ կը հասկնան միութեան անդամակցութեան առաւելութիւնները, կառավարութեան ղեկավարը տուած է դրական պատասխան, սակայն մատնանշած է առկայ խնդիրները։
«Ինձ թւում է՝ դրանք սխալ քայլեր են։ Դրանք մարդկանց տրամադրում են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) դէմ։ Ասեմ, որ ինձ համար՝ որպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրաստիճան պաշտօնատար անձի, դա խնդիր է»,- յայտարարած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ միութիւնը պէտք է երկրի համար ստեղծէ նոր հնարաւորութիւններ եւ բարձրացնէ իր գրաւչութիւնը հայ հասարակութեան աչքերուն։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ դեկտեմբերին անձամբ պիտի մասնակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) յաջորդ նիստին։
Վարչապետը հաւասարակշռուած անուանած է մայիս 29-ին Աստանայի գագաթնաժողովէն ետք Քրեմլի կայքին մէջ հրապարակուած Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը, որով Երեւանին կոչ կ՚ըլլար համապետական հանրաքուէ կայացնելու՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ ընտրութիւն կատարելու հարցով։
«Այնտեղ շատ հաւասարակշռուած տեքստ է։ Ստացւում է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) չորս երկրների մեր գործընկերներն աջակցում են Եւրոպական միութեանն անդամակցելու հարցով Հայաստանում հանրաքուէ անցկացնելու գաղափարին։ Սակայն քանի դեռ Հայաստանը պաշտօնապէս չի դիմել Եւրոպական Միութեան՝ լիիրաւ անդամակցութեան յայտով, նման հանրաքուէ անցկացնելն անիմաստ է։ Քանի դեռ դա տեղի չի ունեցել, հանրաքուէ չի լինի»,- պարզաբանած է Փաշինեանը։
Ան աւելցուցած է, որ Եւրոմիութեանն անդամակցելու հարցի քննարկումը հնարաւոր է միայն այն բանէ ետք, երբ Հայաստանը կը ստանայ թեկնածուի կարգավիճակ եւ պաշտօնապէս հանդէս կու գայ համապատասխան յայտով։