image

ԱՄՆ նախագահը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Չինաստանի նախագահներուն հետ. Սպիտակ տուն

ԱՄՆ նախագահը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Չինաստանի նախագահներուն  հետ. Սպիտակ տուն

Կը կարծեմ՝ նախագահը շատ բաց, ազնիւ եւ լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի, թէ՛ Չինաստանի նախագահ Սիի հետ, յայտարարած է Սպիտակ տան խօսնակ Քերոլայն Լեւիթը՝ պատասխանելով լրագրողի այն հարցին՝ արդեօք ռուսական լցանաւի կալանաւորման լոյսի ներքոյ մտահոգութիւններ կան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու առումով։

«Ինչպէս գիտէք, ան բազմիցս խօսած է անոնց հետ մօտ մէկ տարի առաջ պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր, եւ կը կարծեմ, որ այդ անձնական յարաբերութիւնները կը շարունակուին։ Սակայն ինչ կը վերաբերի նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներուն, ան կը հետեւի այնպիսի քաղաքականութեան, որ կը բխի Միացեալ Նահանգներու շահերէն։ Եւ այս նաւերու առգրաւումներու հետ կապուած, այդ կը նշանակէ բեռնարգելք կիրառել բոլոր «ստուերային նաւատորմի» նաւերու նկատմամբ, որոնք անօրինական կերպով նաւթ կը տեղափոխեն եւ թոյլ կու տան միայն օրինական առեւտուր», - նշած է Լեւիթը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ամերիկեան զօրքերը կալանաւորած են նաւթ տեղափոխող ռուսական «Մարիներ» լցանաւը: