image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ մէջ առած քայլերը մտահոգիչ են Լիբանանի համար. Բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ մէջ առած քայլերը մտահոգիչ են Լիբանանի համար. Բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը «Ալ Ժումհուրիյէ» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ վերջին շրջանին ամերիկեան ուժերու ստեղծած լարուածութենէն, շեշտելով, որ պատմութեան ողջ ընթացքին տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերն իրենց բացասական ազդեցութիւնը ձգած են Լիբանանի վրայ:

Լիբանանցի պաշտօնեային համոզմամբ, ամերիկացիք թոյլ պիտի չտան, որ Սուրիոյ ճգնաժամն ի վնաս իրենց լուծուի, մինչդեռ ռուսական կողմը նոյնպէս վճռական է ի շահ իրեն աւարտել պատերազմը:

Պաշտօնեան Լիբանանը Սուրիոյ իրադարձութիւններէն ազդուելէ զերծ պահելու որպէս միջոց առաջարկած է ներքին անվտանգութեան ուժեղացումն ու կառավարութեան անյապաղ ստեղծումը, բան մը, որ այդքան ալ յուսալի չէ մօտ ապագայի համար: